Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին

Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին

Ըստ քեզի, անիկա. . .

  • մարդկայի՞ն իմաստութեամբ գրուած է

  • առասպելակա՞ն գիրք է

  • Աստուծո՞յ Խօսքն է

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Գոհացուցիչ պատասխաններ՝ կեանքի կարեւոր հարցումներու շուրջ (Առակաց 2։1-5

Վստահելի ուղղութիւն՝ առօրեայ կեանքին մէջ (Սաղմոս 119։105

Իսկական յոյս՝ ապագային համար (Հռովմայեցիս 15։4

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երեք պատճառներով.

  • Հիանալի ներդաշնակութիւն։ Սուրբ Գիրքը գրուած է աւելի քան 1600 տարիներու ընթացքին, շուրջ 40 անհատներու կողմէ։ Թէեւ անոնցմէ շատերը բնաւ իրար չտեսան, սակայն ամբողջ գիրքը ներդաշնակ է եւ մէկ նիւթի շուրջ կը դառնայ։

  • Անկեղծ գրողներ։ Աշխարհիկ պատմաբաններ յաճախ իրենց ժողովուրդին պարտութիւնները չեն արձանագրեր։ Ասոր հակառակը, Սուրբ Գիրքը գրի առնողները անկեղծօրէն արձանագրեցին թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց ազգին թերացումները (Բ. Մնացորդաց 36։15, 16. Սաղմոս 51։1-4

  • Վստահելի մարգարէութիւն։ Սուրբ Գիրքը նախագուշակած էր թէ վաղեմի Բաբելոն քաղաքը պիտի կործանէր, յիշեալ դէպքէն շուրջ 200 տարի առաջ (Եսայի 13։17-22)։ Անիկա ոչ միայն յայտնեց թէ Բաբելոնը ի՛նչ կերպով պիտի իյնար, այլ նոյնիսկ զայն նուաճողին անո՛ւնը նշեց (Եսայի 45։1-3

    Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ուրիշ շատ մը մարգարէութիւններ կատարուած են ամենայն մանրամասնութեամբ։ Եւ ճիշդ ա՛յս է որ կ’ակնկալենք Աստուծոյ Խօսքէն (Բ. Պետրոս 1։21

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքդ բարելաւել։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ԵՍԱՅԻ 48։17, 18 եւ Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16, 17։