JW.ORG ԿԱՅՔԸ
Բջիջային սարքով JW.ORG կայքը գործածել
Համակարգիչին մատչելի եղող կայքին բոլոր կայքէջերն ու երեսակները մատչելի են նաեւ խելացի հեռաձայնին կամ դիւրակիր համակարգիչին վրայ։ Սակայն, ընտրացանկերն ու պաստառները տարբեր կերպով դասաւորուած են աւելի պզտիկ բջիջային սարքերու վրայ, լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգելու համար։ Այս յօդուածին մէջ նշուած կէտերը քեզի պիտի օգնեն, որ jw.org կայքէն ուզածդ գտնես։
Սարքիդ ընտրացանկերը գործածէ
Համակարգիչի վրայ հիմնական բաժինները միշտ կ’երեւին վերը, իսկ երկրորդական ցանկը ուղղահայեացօրէն կ’երեւի ձախ կողմը։
Բայց բջիջային պզտիկ սարքի մը վրայ, նաւարկելու բոլոր ընտրացանկերը ուղղահայեացօրէն կ’երեւին։ Նաեւ, երբ չգործածուին, ընտրացանկերը կը թաքցուին, որպէսզի էջին ամբողջ բովանդակութիւնը կարելի եղածին չափ երեւի։
Կտտացուր Ընտրացանկ կոճակը, նաւարկելիք ընտրացանկերը թաքցնելու կամ յայտնելու համար։ Կտտացուր բաժինի մը անունը, զայն բանալու համար։
Կտտացուր Ամէնը ընդարձակել կոճակը, բաժինի մը երկրորդական ընտրացանկին ընտրանքները տեսնելու համար։ Ընտրացանկէն անուն մը կտտացուր, զայն բանալու համար։
Կտտացուր Ամէնը սահմանափակել կոճակը, բաժինի մը երկրորդական ընտրացանկի ընտրանքները թաքցնելու համար։
Կտտացուր JW.ORG կոճակը, գլխաւոր էջը բանալու համար։
Կտտացուր Լեզուներուն ցուցակը կոճակը, մատչելի լեզուներուն ցանկը ցոյց տալու համար։
Կտտացուր Փնտռել կոճակը, որպէսզի Կայքին մէջ փնտռել երեսակը գործածելով որոշ նիւթեր գտնես։
Հրատարակութեան մը յօդուածներ կամ գլուխներ տես
Համակարգիչի մը վրայ, մինչ հրատարակութեան մը մէկ յօդուածը կամ գլուխը կը կարդաս, բովանդակութեան ցանկը միշտ կը տեսնուի։ Սակայն, բջիջային պզտիկ սարքի մը վրայ բովանդակութեան ցանկը կը թաքցուի։
Կտտացուր Յայտնել ցանկը կոճակը, բովանդակութեան ցանկը տեսնելու համար։ Կտտացուր վերնագիր մը, այդ յօդուածին կամ գլուխին բովանդակութիւնը տեսնելու համար։
Կտտացուր Նախորդ կոճակը, նախորդ յօդուածը կամ գլուխը տեսնելու համար։
Կտտացուր Յաջորդ կոճակը, յաջորդ յօդուածը կամ գլուխը տեսնելու համար։
Կտտացուր Թաքցնել ցանկը կոճակը, բովանդակութեան ցանկը թաքցնելու եւ ընթացիկ յօդուածին կամ գլուխին կարդալը շարունակելու համար։
Առցանց Աստուածաշունչը գործածէ
Տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ եւ կտտացուր Առցանց կարդալ կոճակը։ Կամ, կտտացուր Աստուածաշունչը առցանց կարդալ կապը՝ գլխաւոր էջին վրայ։
Աստուածաշունչի նաւարկման շերտին մէջ, ընտրէ Աստուածաշունչի գիրք մը եւ գլուխ մը, ապա կտտացուր Բանալ կոճակը։
Մինչ գլուխը կը կարդաս, Աստուածաշունչի նաւարկման շերտը կցուած կը մնայ Ընտրացանկի շերտին, որպէսզի քեզի համար աւելի դիւրին ըլլայ ուրիշ գլուխ մը բանալ։
Կտտացուր Անջատել կոճակը, Աստուածաշունչի նաւարկման շերտը Ընտրացանկի շերտէն անջատելու համար։ Այսպիսով, Աստուածաշունչի համարներուն աւելի տեղ կ’ըլլայ։ Ուրիշ գլուխ մը ընտրելու համար, ընթացիկ էջին սկիզբը կամ վերջը գնա՛։
Կտտացուր Կցել կոճակը, Աստուածաշունչի նաւարկման շերտը Ընտրացանկի շերտին կցելու համար։
Կտտացուր Յայտնել ցանկը կոճակը, տեսնելու համար Աստուածաշունչի բովանդակութեան ցանկը, ներառեալ՝ ներածական նիւթերը եւ յաւելուածները։
Կտտացուր Նախորդ կոճակը, նախորդ գլուխը տեսնելու համար։
Կտտացուր Յաջորդ կոճակը, յաջորդ գլուխը տեսնելու համար։
Կտտացուր Թաքցնել ցանկը կոճակը, Աստուածաշունչին բովանդակութեան ցանկը թաքցնելու համար։
Յօդուածի մը ձայնագրութիւնը մտիկ ըրէ
Եթէ կարդացած յօդուածիդ ձայնագրութիւնը մատչելի է, Ձայնագրութեան շերտը կ’երեւի։
Կտտացուր Աշխատցնել կոճակը, ձայնագրութիւնը մտիկ ընելու համար։
Կտտացուր Դադար կոճակը ձայնագրութեան դադար տալու համար։ Դարձեալ կտտացուր Աշխատցնել կոճակը, որպէսզի շարունակես ձայնագրութիւնը մտիկ ընել։
Ձայնագրութեան սլաքը առջեւ կամ ետեւ տար, տարբեր մաս մը մտիկ ընելու համար։
Եթէ սկսիս ձայնագրութիւնը մտիկ ընել եւ ապա ուղղուիս դէպի յօդուածին վերջաւորութեան, Ձայնագրութեան շերտը կցուած կը մնայ Ընտրացանկի շերտին։ Ասիկա քեզի թոյլ կու տայ որ ձայնագրութեան դադար տաս կամ շարունակես զայն մտիկ ընել, առանց կարդացած տեղդ կորսնցնելու։