Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11։1-32
11 «Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ պէտք է սիրես ու միշտ անոր հրամանները՝ կանոնները, օրէնքներն ու պատուիրանքները՝ պահես։
2 Այսօր գիտցէ՛ք, թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը,
3 Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը,
4 Ինչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն, երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց* ու զանոնք կորսնցուց
5 Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ, մինչեւ ձեր հոս գալը,
6 Ինչ որ Ռուբէնեան Եղիաբին որդիներուն, Դաթանին ու Աբիրոնին ըրաւ. ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովն ու իրենց ամէն ստացուածքովը Իսրայէլի մէջէն կլլեց։
7 Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան։
ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
8 «Ուրեմն ձեզի պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։
9 Ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։
10 «Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիք, բանջարի պարտէզի պէս ոտքերով անոր ջուր կու տայիք։
11 Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի.
12 Այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը անոր վրայ է։
13 Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, որոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք եւ զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը պաշտէք,
14 Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ եւ քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի հաւաքես։
15 Նաեւ քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտեն ու կշտանան։
16 Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։
17 Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը կը գոցէ, որպէս զի անձրեւ չգայ ու երկիր իր պտուղը չտայ եւ Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։
18 «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատանոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան
19 Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։
20 Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛.
21 Որպէս զի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ։
22 «Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք եւ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք եւ անոր յարիք,
23 Տէրն ալ բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ եւ դուք մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։
24 Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ արեւմտեան* ծովը պիտի ըլլայ։
25 Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրի վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆԷԾՔՆԵՐԸ
26 «Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ.
27 Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ
28 Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։
29 Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լերանը վրայ ու անէծքը Գեբաղ լերանը վրայ պիտի դնես։
30 Ահա* ասոնք Յորդանանի անդիի կողմը արեւմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովտին մէջ բնակող Քանանացիներուն երկրին մէջ են։
31 Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ու զանիկա պիտի ժառանգէք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։
32 Ուրեմն զգուշութեամբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։