Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16։1-34
16 Բաասային համար Տէրոջը խօսքը Անանիին որդիին Յէուին եղաւ՝ ըսելով.
2 «Թէեւ քեզ փոշիէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ իշխան դրի, բայց դուն Յերոբովամին ճամբան գացիր ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին մեղանչել տուիր ու անոնց մեղքերովը զիս բարկացուցիր.
3 Ուստի ահա ես Բաասան ու անոր տունը* բնաջինջ պիտի ընեմ եւ քու տունդ Նաբատեան Յերոբովամին տանը պէս պիտի ընեմ։
4 Բաասայէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։
5 Բաասային մնացորդ պատմութիւնը ու անոր ըրածն ու զօրութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
6 Բաասան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Թերսայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Էլա թագաւոր եղաւ։
7 Նաեւ Անանիին որդիին Յէու մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ Բաասային ու անոր տանը վրայ այն ամէն չարիքներուն համար, որոնք ինք Տէրոջը առջեւ ըրած էր, իր ձեռքերուն գործովը զանիկա բարկացնելով ու Յերոբովամին տանը պէս ըլլալով, նաեւ զանիկա մեռցնելուն համար։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԷԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
8 Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըվեցերորդ տարին Բաասային որդին Էլա Թերսայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
9 Անիկա երբ Թերսայի տանը հազարապետին Արսային տունը խմեր ու գինովցեր էր, անոր ծառան Զամբրին, որ անոր կառքերուն կէսին վրայ իշխան էր, անոր դէմ գլուխ վերցուց։
10 Զամբրին ներս մտնելով՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին։
11 Երբ թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն Բաասային բոլոր տունը թէ՛ անոր ազգականները եւ թէ՛ բարեկամները, մեռցուց ու մէ՛կ այր մարդ ողջ չթողուց։
12 Ու Զամբրի Բաասային բոլոր տունը բնաջինջ ըրաւ, Բաասային վրայով Յէու մարգարէին միջոցովը Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ,
13 Բաասային բոլոր մեղքերուն համար ու անոր որդիին Էլային մեղքերուն համար, որոնցմով իրենք մեղանչեցին եւ Իսրայէլին մեղանչել տուին ու իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։
14 Էլային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԶԱՄԲՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
15 Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Զամբրին Թերսայի մէջ եօթը օր թագաւորութիւն ըրաւ. բայց ժողովուրդը Փղշտացիներուն Գաբաթոնին դէմ բանակեր էր։
16 Բանակին մէջ եղող ժողովուրդը լսելով որ Զամբրին գլուխ վերցուցեր է ու թագաւորը մեռցուցեր է, նոյն օրը բոլոր Իսրայէլ՝ բանակին մէջ Ամրի զօրավարը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրին։
17 Եւ Ամրի ու անոր հետ եղող բոլոր Իսրայէլ Գաբաթոնէն ելան ու Թերսան պաշարեցին։
18 Ու երբ Զամբրին քաղաքին առնուիլը տեսաւ թագաւորական տանը ներսի կողմը* մտաւ եւ իր վրայ թագաւորական տունը կրակով այրեց ու մեռաւ։
19 Իր գործած մեղքերուն համար, որոնցմով Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու քալեց Յերոբովամին ճամբուն մէջ ու անոր ըրած մեղքին մէջ, որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։
20 Եւ Զամբրիին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած դաւաճանութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՄՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
21 Այն ատեն Իսրայէլի ժողովուրդը երկուքի բաժնուեցաւ։ Ժողովուրդին կէսը Գինաթի որդիին Թաբնիին ետեւէն գնաց, որպէս զի զանիկա թագաւոր ընեն ու կէսն ալ Ամրիին ետեւէն գնաց։
22 Ամրիին ետեւէն գացող ժողովուրդը Գինաթեան Թաբնիին ետեւէն գացող ժողովուրդէն զօրաւոր գտնուեցաւ։ Թաբնին մեռաւ եւ Ամրին թագաւոր եղաւ։
23 Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըմէկերորդ տարին Ամրի Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Վեց տարի Թերսայի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։
24 Սամերէն երկու տաղանդ արծաթով Սամարիայի լեռը ծախու առաւ ու լերան վրայ քաղաք մը շինեց եւ շինած քաղաքին անունը այն լերանը տիրոջը Սամերին անունով Սամարիա կոչեց։
25 Ամրին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ եւ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի չար եղաւ.
26 Քանզի անիկա Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր ճամբուն մէջ քալեց ու անոր մեղքին մէջ, որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ, այնպէս որ իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։
27 Ամրիին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ունեցած զօրութիւնը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
28 Եւ Ամրի իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Աքաաբ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՔԱԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
29 Եւ Ամրիին որդին Աքաաբ Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Ամրիին որդին Աքաաբ Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
30 Ամրիին որդին Աքաաբ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
31 Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն մէջ քալելը անոր առջեւ ոչինչ բան մը սեպուելով, Սիդոնացիներուն Եթբաաղ թագաւորին աղջիկը Յեզաբէլը կնութեան առաւ եւ գնաց Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։
32 Սամարիայի մէջ՝ իր շինած Բահաղի տանը մէջ Բահաղի սեղան մը կանգնեցուց։
33 Աքաաբ Աստարովթի կուռք մը շինեց եւ Աքաաբ իր ըրած գործերովը իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի բոլոր թագաւորներէն աւելի Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։
34 Անոր օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։