ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6։1-71

6  Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի՝ այսինքն Տիբերիայի՝ ծովուն անդիի կողմը գնաց։  Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ կ’երթար, վասն զի կը տեսնէին այն հրաշքները, որոնք հիւանդներուն վրայ կ’ընէր։  Յիսուս լեռը ելաւ ու հոն նստաւ իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ։  Հրեաներու զատկի տօնը մօտ էր։  Յիսուս երբ իր աչքերը վեր վերցուց ու տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։  Այս կ’ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։  Փիլիպպոս պատասխան տուաւ անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ»։  Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս, ըսաւ իրեն.  «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։ 10  Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թիւով հինգ հազարի չափ։ 11  Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։ 12  Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։ 13  Ուստի ժողվեցին եւ տասներկու կողով լեցուցին այն հինգ գարիէ հացերէն մնացած կտորուանքները, որոնք ուտողներէն աւելցան։ 14  Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ 15  Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց։ ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ (Մատթ. 14։22-33. Մարկ. 6։45-52) 16  Իրիկունը, իր աշակերտները ծովեզերքը իջան, 17  Նաւը մտնելով ծովուն անդիի կողմը՝ Կափառնայում գացին։ Արդէն մութը կոխեր էր, բայց դեռ Յիսուս իրենց եկած չէր։ 18  Ծովն ալ հովին սաստիկ փչելէն տակնուվրայ կ’ըլլար։ 19  Երբ թի քաշելով քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին, տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով՝ նաւուն կը մօտենար ու վախցան։ 20  Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 21  Այն ատեն զանիկա նաւը առին եւ նաւը շուտով այն երկիրը հասաւ՝ ուր կ’երթային։ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ 22  Հետեւեալ օրը ժողովուրդը որ ծովուն անդիի կողմն էր եւ տեսեր էր որ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ՝ որուն մէջ անոր աշակերտները մտեր էին, իսկ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ նաւակը մտած չէր եւ միայն անոր աշակերտները գացեր էին. 23  Բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ՝ ուր Տէրոջը գոհանալովը հացը կերեր էին. 24  Այն ատեն ժողովուրդը տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուսը հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրենք ալ նաւերը մտան ու գացին Կափառնայում Յիսուսը փնտռելու։ ՅԻՍՈՒՍ ԿԵՆԱՑ ՀԱՑԸ 25  Ու երբ զանիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին անոր. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս»։ 26  Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք’։ 27  Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։ 28  Այն ատեն ըսին անոր. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք»։ 29  Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։ 30  Ըսին անոր. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք. ի՞նչ կը գործես։ 31  Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’»։ 32  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը’։ 33  Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։ 34  Ուստի ըսին անոր. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր»։ 35  Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ 36  Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ 37  Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։ 38  Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ 39  Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ 40  Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։ 41  Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ, վասն զի ըսաւ թէ՝ ‘Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը’ 42  Եւ կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։ 43  Պատասխանեց Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։ 44  Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ 45  Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ 46  Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ 47  Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’։ 48  Ես եմ կենաց հացը։ 49  Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ 50  Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ 51  Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ.6։52 եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։ 52  6։53 Ասոր վրայ Հրեաները իրարու հետ կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու»։ 53  6։54 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ 54  6։55 Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ 55  6։56 Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ 56  6։57 Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին։ 57  6։58 Ինչպէս կենդանի Հայրը զիս ղրկեց ու ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով, այսպէս ալ ան որ զիս կ’ուտէ, ինք ալ իմ ձեռքովս կենդանի պիտի մնայ։ 58  6։59 Այս է այն հացը, որ երկնքէն իջած է, ո՛չ թէ մանանան, որ հայրերնիդ կերան ու մեռան։ Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։ 59  6։60 Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ՝ երբ Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր։ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԽՕՍՔԵՐԸ 60  6։61 Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ 61  6։62 Յիսուս երբ հասկցաւ թէ իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ’ընեն, ըսաւ անոնց. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ 62  6։63 Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ 63  6։64 Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ*, հոգի ու կեանք են։ 64  6։65 Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար». վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։ 65  6։66 Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ձեզի ըսի թէ մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։ 66  6։67 Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր։ 67  6։68 Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ 68  6։69 Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ 69  6։70 Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ* Որդին»։ 70  6։71 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ 71  6։72 Ասիկա կ’ըսէր Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային համար, վասն զի անիկա էր որ զինք պիտի մատնէր, թէեւ տասներկուքէն մէկն էր։

Ստորանիշներ

6։63 Ոմանք, խօսեցայ՝
6։69 Ոմանք, կենդանի Աստուծոյ