ՍԱՂՄՈՍ 65։1-13

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը 65  Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։   Ո՛վ աղօթքի լսող,Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։   Անօրէնութիւնները* իմ վրաս ճնշեցին։Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։   Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես,Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ.Պիտի լեցուինք քու տանդ եւՔու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։   Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի,Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը,Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,   Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր,Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,   Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը,Անոր ալիքներուն ձայնըՈւ ազգերուն խռովութիւնը։   Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ.Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։   Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես,Շատ կը հարստացնես զանիկա.Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։Անոնց ցորեն կը պատրաստես,Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։ 10  Անոր ակօսները կը խմցնեսՈւ անոր փոսերը կը շտկես,Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։Կ’օրհնես անոր բոյսը։ 11  Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդՈւ քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն, 12  Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնենՈւ բլուրները ուրախութիւնով պատած են։ 13  Արօտները հօտերով ծածկուած ենՈւ հովիտները՝ ցորենով։Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։

Ստորանիշներ

65։3 Կամ, Անօրէնութեան խօսքերը