Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 11

Աստուածաշնչական սկզբունքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն

Աստուածաշնչական սկզբունքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն

1. Ինչո՞ւ առաջնորդութեան կարիք ունինք։

Աստուածաշնչական այն սկզբունքը՝ թէ կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է, մեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու (ՍԱՂՄՈՍ 36։9

Մեր Ստեղծիչը մեզմէ աւելի իմաստուն է։ Սիրառատ Հայր ըլլալով, ան մեզմով հետաքրքրուած է։ Նաեւ, ան չմտադրեց որ մենք իրմէ անկախ ըլլանք (Երեմիա 10։23)։ Ուրեմն, ճիշդ ինչպէս որ երեխայ մը իր ծնողքին առաջնորդութեան պէտք ունի, մենք՝ բոլորս՝ Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքը ունինք (Եսայի 48։17, 18)։ Աստուածաշնչական սկզբունքները առաջնորդութիւն կը հայթայթեն, ինչ որ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։ —‏ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16։

Եհովայի օրէնքներն ու սկզբունքները մեզի կը սորվեցնեն լաւագոյն կենցաղակերպը հիմա, եւ ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք ձգել յաւիտենական օրհնութիւններ ապագային։ Քանի որ Աստուած մեզ ստեղծեց, պատշաճ է գնահատութեամբ ընդառաջել իր առաջնորդութեան։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 19։7, 11. Յայտնութիւն 4։10բ։

2. Աստուածաշնչական սկզբունքները ի՞նչ են։

Աստուածաշնչական սկզբունքները հիմնական ճշմարտութիւններ են։ Միւս կողմէ, օրէնքները մասնայատուկ պարագաներու համար կրնան ըլլալ (Բ. Օրինաց 22։8)։ Մեր մտային կարողութիւնը պէտք է գործածենք, հասկնալու համար թէ ինչպէ՛ս սկզբունք մը կը կիրարկուի տուեալ պարագայի մը (Առակաց 2։10-12)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է։ Այս հիմնական սկզբունքը կրնայ մեզ առաջնորդել տան ու աշխատավայրին մէջ, եւ մինչ կը ճամբորդենք։ Ատիկա մեզ կ’ուղղէ որ ապահովութեան նախազգուշական քայլեր առնենք։ —‏ Կարդա՛ Գործք 17։28։

3. Ո՞ր երկու սկզբունքները գլխաւոր են։

Յիսուս խօսեցաւ երկու սկզբունքներու մասին, որոնք մեծ կարեւորութիւն ունին։ Առաջինը կը յայտնէ մարդուս կեանքին բուն նպատակը,– Աստուած ճանչնալ, զինք սիրել եւ իրեն հաւատարմօրէն ծառայել։ Այս առաջին սկզբունքը պէտք է նկատի առնուի մեր բոլոր որոշումներուն մէջ (Առակաց 3։6)։ Անոնք՝ որոնք այս սկզբունքը լուրջի կ’առնեն, Աստուծոյ բարեկամութիւնը, իսկական երջանկութիւն եւ յաւիտենական կեանք կը շահին։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 22։36-38։

Երկրորդ սկզբունքը կրնայ մեզ առաջնորդել ուրիշներու հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալու (Ա. Կորնթացիս 13։4-7)։ Այս երկրորդ սկզբունքը կիրարկելը կը պարփակէ՝ ուրիշներու հետ ինչպէ՛ս վարուելու Աստուծոյ կերպը ընդօրինակել։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 7։12. 22։39, 40։

4. Աստուածաշնչական սկզբունքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն։

Աստուածաշնչական սկզբունքները ընտանիքին կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս սիրով միանալ (Եփեսացիս 4։32. Կողոսացիս 3։12, 14)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը պաշտպանէ ընտանիքները՝ ուղղութիւն տուող ուրիշ սկզբունք մը սորվեցնելով,– թէ ամուսնութիւնը մնայուն պէտք է ըլլայ։ —‏ Կարդա՛ Ծննդոց 2։24։

Աստուածաշնչական սկզբունքներուն հետեւելով, կրնանք մեր ֆիզիքական եւ զգացական բարօրութիւնը պաշտպանել։ Օրինակ, գործատէրեր յաճախ կը նախընտրեն այնպիսի գործաւորներ, որոնք պարկեշտութեան եւ ջանասիրութեան աստուածաշնչական սկզբունքները ի գործ կը դնեն (Առակաց 10։4, 26. Եբրայեցիս 13։18)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը սորվեցնէ, որ անհրաժեշտ բաներով գոհանանք եւ նիւթական բաներէն աւելի Աստուծոյ բարեկամութիւնը արժեւորենք։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 6։24, 25, 33. Ա. Տիմոթէոս 6։8-10։

Աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելը կրնայ մեր առողջութիւնը պաշտպանել (Առակաց 14։30. 22։24, 25)։ Օրինակ, գինովութեան դէմ եղած Աստուծոյ օրէնքին կառչիլը մեզ կը պաշտպանէ մահացու հիւանդութիւններէ եւ արկածներէ (Առակաց 23։20)։ Եհովան մեզի կ’արտօնէ որ ոգելից ըմպելիներ գործածենք, բայց միայն չափաւորութեամբ (Սաղմոս 104։15. Ա. Կորնթացիս 6։10)։ Աստուածային սկզբունքները մեզի կ’օգտեն սորվեցնելով, որ ոչ միայն մեր արարքներուն ուշադիր ըլլանք, այլ նաեւ մեր մտածումներուն (Սաղմոս 119։97-100)։ Սակայն, ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ չափանիշները կը յարգեն ոչ թէ պարզապէս իրենք իրենց օգտելու համար, այլ՝ Եհովա՛ն պատուելու համար։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 5։14-16։