Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 3

Ուրախ լուրերը իրապէս Աստուծո՞յ կողմէ են

Ուրախ լուրերը իրապէս Աստուծո՞յ կողմէ են

1. Աստուածաշունչին հեղինակը ո՞վ է։

Այն ուրախ լուրը թէ մարդիկ երկրագունդի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին, գրուած է Աստուածաշունչին մէջ (Սաղմոս 37։29)։ Աստուածաշունչը 66 պզտիկ գիրքերէ կը բաղկանայ։ Զանոնք գրելու համար, Աստուած շուրջ 40 հաւատարիմ տղամարդիկ գործածեց։ Առաջին հինգ գիրքերը գրուեցան Մովսէսի կողմէ՝ շուրջ 3500 տարի առաջ։ Վերջին գիրքը գրուեցաւ Յովհաննէս առաքեալի կողմէ՝ աւելի քան 1900 տարի առաջ։ Աստուածաշունչը գրողները որո՞ւն գաղափարները ներկայացուցին։ Աստուած անոնց հետ հաղորդակցեցաւ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Բ. Թագաւորաց 23։2)։ Անոնք արձանագրեցին Աստուծո՛յ խորհուրդները եւ ոչ թէ իրենց գաղափարները։ Ուստի Աստուածաշունչին Հեղինակը Եհովան է։ —‏ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16. Բ. Պետրոս 1։20, 21։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Ո՞վ է Աստուածաշունչին հեղինակը

2. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։

Գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է, քանի որ ճշգրտօրէն ու մանրամասն կերպով կը նախագուշակէ ապագան։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ ասիկա ընել (Յեսու 23։14)։ Միայն Ամենակալ Աստուածը կրնայ ճշգրտօրէն մարդկութեան ապագան կանխագուշակել։ —‏ Կարդա՛ Եսայի 42։9. 46։10։

Պիտի ակնկալէինք որ Աստուծոյ կողմէ տրուած գիրք մը իւրայատուկ ըլլար. Աստուածաշունչը այդպէս է։ Ատիկա հարիւրաւոր լեզուներով ու միլիառաւոր օրինակներով բաշխուած է։ Թէեւ հին գիրք մըն է, սակայն գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Նաեւ, 40 գրողները իրարու չհակասեցին։ Աւելին, Աստուածաշունչը Աստուծոյ սէրը կ’ապացուցանէ եւ տակաւին զօրութիւն ունի մարդոց կեանքը բարելաւելու։ Այս իրողութիւնները միլիոնաւորներ կը համոզեն, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ —‏ Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է

3. Աստուածաշունչը ի՞նչ բանի մասին կը խօսի։

Աստուածաշունչը կը կեդրոնանայ այն ուրախ լուրին վրայ, թէ Աստուած մարդկութեան համար սիրալիր նպատակ մը ունի։ Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս մարդկութեան պատմութեան սկիզբը՝ դրախտային երկրի վրայ ապրելու մարդուն առանձնաշնորհումը կորսուեցաւ, եւ ինչպէ՛ս դրախտ մը ի վերջոյ պիտի վերահաստատուի։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4, 5։

Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը բովանդակէ օրէնքներ, սկզբունքներ եւ խրատներ։ Ասկէ զատ, ատոր մէջ արձանագրուած է մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործառնութեանց պատմութիւնը,– պատմութիւն մը՝ որ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը կը յայտնէ։ Ուրեմն, Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել որ Աստուած ճանչնաս։ Ատիկա կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 19։7, 11. Յակոբոս 2։23. 4։8։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչը հասկնալ։

Այս գրքոյկը քեզի պիտի օգնէ Աստուածաշունչը հասկնալու, Յիսուսի նոյն մեթոտը գործածելով։ Ան աստուածաշնչական համարներու կ’ակնարկէր եւ «գրքերը» կը բացատրէր։ —‏ Կարդա՛ Ղուկաս 24։27, 45։

Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրերը աւելի գրաւիչ են քան՝ այլ բաներ։ Այսուհանդերձ, ոմանք անոնց նկատմամբ անտարբեր են. իսկ ուրիշներ նոյնիսկ անոնցմէ կը նեղանան։ Մի՛ վհատիր։ Յաւիտենական կեանքը վայելելու յոյսդ կախեալ է Աստուած ճանչնալէ։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 17։3։