Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 4

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

1. Յիսուսի կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ։

Ի՞նչ յատկութիւններ Յիսուսը դիւրամերձ դարձուցին (ՄԱՏԹԷՈՍ 11։29. ՄԱՐԿՈՍ 10։13-16

Ոեւէ մարդէ տարբեր ըլլալով, Յիսուս երկինքի մէջ որպէս հոգեղէն անձ ապրեցաւ, նախքան երկրի վրայ իր ծնիլը (Յովհաննէս 8։23)։ Ան Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր եւ միւս բոլոր բաները ստեղծելու մէջ օգնեց։ Ան միակն է որ ուղղակիօրէն ստեղծուած է Եհովայի կողմէ, եւ այսպէս՝ տեղին ըլլալով կոչուած է Աստուծոյ «միածին» Որդին (Յովհաննէս 1։14)։ Յիսուս ծառայեց որպէս Աստուծոյ Խօսնակը, ուստի նաեւ կոչուած է՝ «Բանը»։ —‏ Կարդա՛ Առակաց 8։22, 23, 30. Կողոսացիս 1։15, 16։

2. Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։

Աստուած իր Որդին երկիր ղրկեց, անոր կեանքը երկնքէն փոխադրելով Մարիամ անունով հրեայ կոյսի մը արգանդը։ Ուստի Յիսուս մարդկային հայր մը չունէր (Ղուկաս 1։30-35)։ Յիսուս երկիր եկաւ 1) Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու, 2) նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ մեզի օրինակ հանդիսանալու եւ 3) իր կատարեալ կեանքը որպէս «փրկանք» տալու։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 20։28։

3. Ինչո՞ւ փրկանքի պէտք ունինք։

Փրկանքը վճարուած գին մըն է, որ անհատ մը մահուան սպառնալիքէն կ’ազատէ (Ելից 21։29, 30)։ Մահն ու ծերութիւնը մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէին կազմեր։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Աստուած առաջին մարդուն՝ Ադամին ըսաւ, որ պիտի մեռնէր եթէ գործէր ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ «մեղք»։ Ուստի, եթէ Ադամ մեղանչած չըլլար, բնաւ մեռած պիտի չըլլար (Ծննդոց 2։16, 17. 5։5)։ Ըստ Աստուածաշունչին, մահը Ադամին միջոցաւ մարդկութեան աշխարհը «մտաւ»։ Այսպէս, Ադամ իր ամբողջ զարմին փոխանցեց մեղքը եւ ատոր պատիժը՝ մահը։ Ադամէն ժառանգուած մահուան պատիժէն ազատելու համար փրկանքի պէտք ունինք։ —‏ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12. 6։23։

Մեզ մահէն ազատելու համար, ո՞վ կրնար փրկանքը վճարել։ Երբ կը մեռնինք, միայն մե՛ր մեղքերուն պատիժը կը վճարենք։ Ո՛չ մէկ անկատար մարդ կրնայ ուրիշներու մեղքերուն համար վճարել։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 49։7-9։

4. Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ։

Մեր հակապատկերը ըլլալով, Յիսուս կատարեալ էր։ Ան որեւէ մեղք չգործեց. ուստի, հարկ չկար որ իր մեղքերուն համար մեռնէր։ Փոխարէն, ան ուրիշներու մեղքերուն համար մեռաւ։ Աստուած մարդկութեան հանդէպ արտասովոր սէր ցուցաբերեց, իր Որդին ղրկելով որ մեզի համար մեռնի։ Յիսուս ալ մեզի հանդէպ սէր ցուցաբերեց, իր Հօր հնազանդելով եւ մեր մեղքերուն համար իր կեանքը տալով։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 5։18, 19։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ

5. Յիսուս հիմա ի՞նչ կ’ընէ։

Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս հիւանդներ բժշկեց, մեռելներ յարուցանեց եւ մարդոց նեղութիւնը թեթեւցուց։ Այսպիսով՝ ան ցոյց տուաւ թէ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ ամբողջ հնազանդ մարդկութեան համար (Մատթէոս 15։30, 31. Յովհաննէս 5։28)։ Յիսուսի մահէն ետք, Աստուած զինք ետ կեանքի բերաւ որպէս հոգեղէն անձ (Ա. Պետրոս 3։18)։ Յետոյ, Յիսուս Եհովայի աջ կողմը սպասեց մինչեւ որ Ան իրեն հեղինակութիւն տուաւ, որ ամբողջ երկրագունդին վրայ որպէս Թագաւոր իշխէ (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Այժմ Յիսուս երկինքի մէջ կը թագաւորէ, ու համայն աշխարհի մէջ իր հետեւորդները այս բարի լուրը կը ծանուցանեն։ —‏ Կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 24։14։

Մօտ ատենէն, Յիսուս որպէս Թագաւոր իր հեղինակութիւնը պիտի գործածէ, որպէսզի բոլոր տառապանքներուն եւ զանոնք պատճառողներուն վերջ դնէ։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Յիսուսին կը հաւատան ու կը հնազանդին, երկրային դրախտի մէջ կեանքը պիտի վայելեն։ Կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11։