Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 14

Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի

Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի

Միացեալ Նահանգներ

Գաղաադի դպրոց, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք

Բանամա

Աստուածպետական կրթութիւնը Եհովայի վկաներու առանձնայատկութիւնը եղած է։ Մասնայատուկ մարզում կը տրուի անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան մասին լիաժամ կը քարոզեն, որպէսզի կարենան լիովին իրենց ‘պաշտօնը կատարել’ (Բ. Տիմոթէոս 4։5

Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց։ Այս դպրոցը 6 օր կը տեւէ, եւ մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ կրնայ կայացուիլ։ Կանոնաւոր ռահվիրան անոր կը մասնակցի, երբ լիաժամ ծառայութեան իր առաջին տարին կ’ամբողջացնէ։ Դպրոցին նպատակն է՝ ռահվիրային օգնել որ Եհովային աւելի մօտենայ, ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ աւելի հմուտ ըլլայ եւ շարունակէ հաւատարմութեամբ ծառայել։

Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ Այս երկամսեայ դպրոցը կը մարզէ փորձառու ռահվիրաներ, որոնք յօժար են մեկնելու որեւէ տեղ, ուր իրենց կարիք կայ։ Իրականութեան մէջ, անոնք կ’ըսեն՝ «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ», ընդօրինակելով երկրի վրայ ծառայած մեծագոյն Աւետարանիչը՝ Յիսուս Քրիստոս (Եսայի 6։8. Յովհաննէս 7։29)։ Օտար շրջան փոխադրուիլը կրնայ պահանջել համեստ կենսամակարդակի յարմարիլ։ Մշակոյթը, կլիման եւ ուտելիքը կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ։ Նաեւ, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ նոր լեզու մը սորվիլ։ Այս դպրոցը կ’օգնէ ամուրի եղբայրներու եւ քոյրերու ու ամոլներու,– 23-65 տարեկան,– որ մշակեն հոգեւոր յատկութիւններ, որոնց պէտք պիտի ունենան իրենց նշանակումին մէջ, եւ հմտութիւններ, որոնց շնորհիւ կրնան Եհովայի ու իր կազմակերպութեան կողմէ լիովին գործածուիլ։

Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց։ Եբրայերէնով «Գաղաադ» կը նշանակէ՝ «վկայութեան դէզ»։ 1943–ին Գաղաադի դպրոցը հաստատուելէ ի վեր, աւելի քան 8000 շրջանաւարտներ որպէս միսիոնար ղրկուած են վկայութիւն տալու «մինչեւ երկրին ծայրերը», եւ անոնք մեծ յաջողութիւն արձանագրած են (Գործք 13։47)։ Առաջին անգամ երբ շրջանաւարտներ հասան Փերու, հոն ո՛չ մէկ ժողովք կար. բայց այժմ աւելի քան 1000 ժողովքներ կան։ Երբ մեր միսիոնարները սկսան Ճափոնի մէջ ծառայել, Վկաներուն թիւը 10–էն պակաս էր. այժմ աւելի քան 200,000 Վկաներ կան։ Գաղաադի հինգ ամսուան դասընթացքը կը պարփակէ՝ Աստուծոյ Խօսքը մանրամասն ուսումնասիրել։ Դպրոցը կը յաճախեն անոնք, որոնք կը ծառայեն որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ, միսիոնարներ, բեթէլականներ կամ շրջանային տեսուչներ։ Անոնք խտացուած մարզում կը ստանան, որպէսզի օգնեն համաշխարհային գործը կայունացնելու եւ զօրացնելու։

  • Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցի նպատակը ի՞նչ է։

  • Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը որո՞նց համար պատրաստուած է։