ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Տարեկան համաժողովը դիտել եւ մտիկ ընել
1 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021
2020–ի Տարեկան համաժողովը պատմական էր։ Անիկա առաջին համաշխարհային համաժողովն էր, որ ձայնագրուեցաւ եւ համացանցի վրայ դրուեցաւ։ Բայց Մալաուիի եւ Մոզամպիկի մէջ, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մեծամասնութիւնը համաժողովը դիտեց կամ մտիկ ըրաւ՝ առանց Ինթըրնէթ–ի։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի եղաւ։
Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու եւ Ուսուցումի յանձնախումբերը բացառաբար համաձայն գտնուեցան, որ համաժողովը հեռատեսիլով եւ ռատիոյով սփռուի՝ Մալաուիի եւ Մոզամպիկի մէջ։ Այս բացառութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր էր։ Մալաուին աշխարհի ամէնէն սուղ Ինթըրնէթ–ը ունի։ Ատոր համար, շատ քիչ Վկաներ կրնան Ինթըրնէթ–ը գործածել։ Մալաուիի Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը՝ Ուիլիամ Չումպի՝ կը բացատրէ. «Միայն ռատիոյով եւ կամ հեռատեսիլով կարելի էր հոգեւոր սնունդը եղբայրներուն եւ քոյրերուն հասցնել»։ Լուքա Սիպեքոն, որ դարձեալ Մալաուիի Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ կը ծառայէ, կ’աւելցնէ. «Եթէ չկարենայինք համաժողովը հեռատեսիլով եւ ռատիոյով դիտել, միայն մի քանի եղբայրներ եւ քոյրեր պիտի կարենային համաժողովի յայտագիրէն օգտուիլ»։ Մոզամպիկի մէջ ալ, շատ քիչ եղբայրներ պիտի կարենային թապլեթ–ներ կամ հեռաձայններ գնել, ուր մնաց Ինթըրնէթ–ը։
Կարգադրութիւններ ընել
ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառով, հեռատեսիլի կայաններ եւ ռատիօկայաններ արդէն իսկ մեր ժողովքային հանդիպումները կը սփռէին a։ Մեր եղբայրները խօսեցան այս կայաններուն հետ եւ անոնցմէ խնդրեցին որ տարեկան համաժողովը սփռելու համար յաւելեալ ժամանակ տան իրենց։
Մալաուիի մէջ, մեր եղբայրները խնդիր մը դիմագրաւեցին։ Սովորաբար կայանները իրենց յաճախորդներուն միակ մէկ ժամուան յայտագիր կ’արտօնեն, քանի որ անոնք կը մտահոգուին որ մարդիկ թերեւս երկար յայտագիրներէ չախորժին։ Բայց մեր եղբայրները անոնց բացատրեցին, որ մեր ըրածը մարդոց օգտակար է։ Հակառակ անոր որ երկիրը գոց էր ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառով, դեռ մենք ժողովուրդին Աստուածաշունչէն մխիթարական ուրախ լուրեր կու տանք, որոնք կրնան իրենց օգնել որ աւելի լաւ քաղաքացիներ ըլլան եւ ուրախ ընտանեկան կեանք ունենան։ Երբ ասիկա լսեցին, կայանները ընդունեցին մեր եղբայրներուն առաջարկը, որ ամբողջ համաժողովի յայտագիրը սփռուի։
Մալաուիի մէջ, համաժողովը սփռուեցաւ մէկ հեռատեսիլի կայանի եւ մէկ ռատիօկայանի միջոցաւ։ Աս երկու կայանները երկրին չորս կողմը կը հասնին եւ ատոնց սփռած յայտագիրները միլիոնաւորներ կրնան դիտել։ Մոզամպիկի մէջ, համաժողովը սփռուեցաւ մէկ հեռատեսիլի կայանի եւ 85 ռատիօկայաններու կողմէ։
Երկու երկիրներուն մէջ, համաժողովը հեռատեսիլով սփռելը նայեցաւ 28,227 ամ. տոլարի, իսկ ռատիօկայանով սփռելը՝ մօտ 20,000 ամ. տոլարի։ Պզտիկ ռատիօկայաններուն ծախսը հասաւ 15 ամ. տոլարի, իսկ մեծ ռատիօկայաններունը՝ 2777 ամ. տոլարի։
Մեր եղբայրները ամէն բան ըրին որ նուիրատուութիւնները լաւ կերպով գործածուին։ Օրինակ, Մալաուիի մէջ, անոնք կայաններուն հետ համաձայնութեան եկան, որ գիներուն վրայ զեղչ ըլլայ։ Զեղչերէն մէկը 30 առ հարիւրի հասաւ։ Այս զեղչերուն պատճառաւ, մենք 1711 ամ. տոլար խնայեցինք։ Մոզամպիկի մէջ, կարգ մը կայաններ յօժար էին զեղչեր ընելու, քանի որ լսած էին որ պարկեշտ ենք եւ մեր վճարումները ճիշդ ժամանակին կ’ընենք։
Շնորհակալական խօսքեր
Մեր եղբայրները մեծապէս գնահատեցին, երբ համաժողովը դիտեցին կամ մտիկ ըրին այդ կայաններէն։ Մալաուիէն Փաթրիք անունով երէց մը կ’ըսէ. «Շնորհակալ ենք Կառավարիչ մարմինէն իրենց ըրած բոլոր բաներուն համար համավարակին ընթացքին»։ Այզէք անունով եղբայր մը, որ նաեւ Մալաուիէն է, կ’ըսէ. «Մենք թապլեթ–ներ կամ հեռաձայններ չունինք։ Անոր համար, շատ շնորհակալ ենք Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ եղած այս յատուկ կարգադրութեան համար, որ համաժողովը լսենք ռատիօկայանէ մը։ Այս կարգադրութեան պատճառով, ամբողջ ընտանիքս օգտուեցաւ համաժողովէն։ Մեզի համար ասիկա փաստ մըն է, որ Եհովան իր ժողովուրդը կը սիրէ»։
2020–ի համաժողովը Մոզամպիկի մէջ ապրող հրատարակիչի մը համար առաջի՛ն համաժողովն էր, որուն ներկայ կ’ըլլար։ Ան կ’ըսէ. «Համաժողովը հեռատեսիլի վրայ դիտելու կարգադրութիւնը ինծի յիշեցուց, որ Եհովան Ամենակալ Աստուածն է։ Համավարակը իրեն արգելք չեղաւ որ մեզի հոգեւոր սնունդը հասցնէ։ Ընդհակառակը, ան հոգեւոր սնունդը հրամցուց մեզի՝ մեր իսկ տունին մէջ։ Այս կարգադրութիւնը ինծի փաստեց, որ Եհովային ժողովուրդին մէջ սէր կայ։ Ես համոզուած եմ որ ասիկա ճշմարիտ կրօնքն է»։
Ուայսըն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հաւատարիմ ծառային, այն կերպին համար, որով մեզի հոգաց համավարակին ընթացքին։ Համաժողովը ռատիոյով եւ հեռատեսիլով սփռելու այս կարգադրութիւնը շատերու օգնեց, քանի որ շա՛տ աղքատ ենք եւ չենք կրնար ասանկ յայտագիր մը դիտել եւ ատկէ օգտուիլ ուրիշ ձեւով»։
2021–ի Տարեկան համաժողովին նկատմամբ, Համակարգողներու եւ Ուսուցումի յանձնախումբերը անգամ մը եւս բացառութիւն ըրին, որ ատիկա որոշ շրջաններու մէջ սփռուի՝ հեռատեսիլով եւ ռատիոյով։ Այս կարգադրութեան ծախսերը ինչպէ՞ս կ’ապահովենք։ Համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որոնց մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.pr2711.com կայքին մէջ անցած տարբեր մեթոտներով։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար։
a 2020–ի սկիզբը Համակարգողներու յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ, որ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, ժողովները սփռուին հեռատեսիլի կայաններու եւ ռատիօկայաններու միջոցաւ՝ որոշ շրջաններու մէջ։ Այս կարգադրութիւնը օգնած է անոնց՝ որոնք չեն կրնար տեղական ժողովքին կապուիլ կամ JW Stream–էն ժողովները դիտել, քանի որ կ’ապրին շրջաններու մէջ ուր Ինթըրնէթ չկայ եւ հեռաձայնի գիծ ունենալը դժուար բան է կամ շատ սուղի կը նայի։ Բայց այս կարգադրութիւնը անոնց համար չէ, որոնք կ’ապրին շրջաններու մէջ՝ ուր կրնան իրենց ժողովքներուն կապուիլ Ինթըրնէթ–ով։