ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Ընկերային ցանցերը զաւակիդ վնաս կը հասցնե՞ն. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ծնողներուն
«Պատանիներու մտային առողջութեան ետեւ երթալը շատ լուրջ հարց մըն է եւ նկատած ենք որ գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ ընկերային ցանցերն են» (Բժշ. Վիվէք Մըրթի, ԱՄՆ–ի մէջ ընդհանուր վիրաբոյժ, New York Times, 17 յունիս 2024)։
Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել ընկերային ցանցերու վտանգներէն։ Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կ’առաջարկէ։
Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել
Նկատի առ այս աստուածաշնչական սկզբունքները.
«Խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15)։
Քանի՛ որ ընկերային ցանցերը կրնան գէշ ազդեցութիւն ունենալ զաւակիդ վրայ, մի՛ զգար որ պէտք է անոր արտօնես որ ընկերային ցանցերը գործածէ։ Անոր արտօնութիւն տալէ առաջ, վստահ եղիր թէ ան բաւական հասուն է՝ որ ընկերային ցանցերը միայն որոշ ժամանակ գործածէ, շարունակէ լաւ բարեկամներ ունենալ եւ անպատշաճ նիւթեր ու վիտէօներ չկարդայ ու չդիտէ։
Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Զաւակս պէ՞տք է ընկերային ցանցեր գործածէ» եւ «Պատանի զաւակիդ սորվեցուր ինչպէ՛ս ինքզինք պաշտպանել ընկերային ցանցերու ազդեցութենէն» յօդուածները (արաբ.)։
«Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը» (Եփեսացիս 5։16, ՆԹ)։
Եթէ զաւակիդ արտօնես որ ընկերային ցանցերը գործածէ, ատոր գործածութեան նկատմամբ որոշ օրէնքներ դիր եւ իրեն բացատրէ թէ ինչպէ՛ս այդ օրէնքները իրեն պիտի օգնեն, որ ապահով ըլլայ։ Եթէ զաւակիդ վարքին մէջ որոշ փոփոխութիւններ նկատես, թերեւս ուզես սահմանափակել ընկերային ցանցեր գործածելու անոր օգտագործած ժամանակը։
Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ վիտէոյին օգնութեամբ, զաւակիդ օգնէ որ հասկնայ թէ ինչո՛ւ սահմաններ դնելը կարեւոր է։
Աւելի՛ն գիտցիր
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Միեւնոյն ատեն, ատոր մէջ կը գտնենք գործնական խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն, որ այս դժուար օրերուն հետ գլուխ ելլենք։ Ծնողները եւ իրենց զաւակները կրնան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած 20 յօդուածներ գտնել այս յօդուածին մէջ՝ պատանիներու մտային առողջութեան նկատմամբ։