Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մինակ չզգալու համար՝ դուն քեզ ընկերներով շրջապատէ. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել

Մինակ չզգալու համար՝ դուն քեզ ընկերներով շրջապատէ. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել

 2023–ին, մասնագէտ բժիշկներ ըսին որ մինակ զգալը առողջապահական շատ լուրջ խնդիր մըն է, որուն նկատմամբ պէտք է քայլեր առնել։

  •    «Երբ մինակ զգանք եւ առանձնանանք, կրնանք լուրջ կերպով վնաս հասցնել մեր առողջութեան եւ ուրախութեան», կ’ըսէ Բժշ. Վիվէք Մուրթի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընդհանուր վիրաբոյժ է։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց այս հարցը կարելի՛ է լուծել»։ Ինչպէ՞ս։ «Ամէն օր կրնանք չնչին բաներ ընել, որոնք կրնան մարդոց հետ մեր փոխյարաբերութիւնները զօրացնել» a։

 Միայն առանձնանալով չէ որ մէկը կրնայ մինակ զգալ։ Կարգ մը մարդիկ մինակ կը զգան՝ նոյնիսկ երբ շատ մը մարդոցմով շրջապատուած են։ Մինակ զգալու ի՛նչ պատճառներ ալ որ ունենանք, Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել։ Անոր մէջ կը գտնենք գործնական խրատներ՝ մեր բարեկամութիւնները զօրացնելու մասին, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ մինակ չզգանք։

Աստուածաշնչական օգտակար խրատներ

 Լաւ հաղորդակցող եղիր. Լաւ հաղորդակցիլ չի նշանակեր միայն քու զգացումներդ արտայայտել, հապա՝ դիմացինին ալ լաւ ականջ տալ։ Ո՛րքան աւելի մարդոցմով հետաքրքրուիս, ա՛յնքան աւելի անոնց հետ կապդ պիտի զօրանայ։

  •    Աստուածաշունչի սկզբունք. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։4

 Տարբեր–տարբեր ընկերներ ունեցիր. Բարեկամացիր անձերու հետ, որոնք տարիքով քեզմէ մեծ կամ պզտիկ են, կամ տարբեր մշակոյթի եւ ազգի կը պատկանին։

 Զօրաւոր բարեկամութիւններ ունենալու մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Բարեկամներ ունենալու մեր պէտքը գոհացնել» յօդուածը (արաբ.)։

a Our Epidemic of Loneliness and Isolation: The U.S. Surgeon General’s Advisory on the Healing Effects of Social Connection and Community, 2023։