ԴԻՏԱՐԱՆ 2018–ի թիւ 1 | Սուրբ Գիրքը այսօր գործնակա՞ն է
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԱՅՍՕՐ ԳՈՐԾՆԱԿԱ՞Ն Է
Նկատի առնելով որ ներկայ աշխարհին մէջ զանազան տեղեկութիւններ դիւրաւ կը ստանանք, կրնա՞նք ըսել որ Սուրբ Գիրքը գործնական չէ, քանի որ շատ հին գիրք է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ.
«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։
Դիտարան–ի այս թիւը կը ցուցնէ, թէ Սուրբ Գիրքը կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ իրապէս կրնա՛յ մեզի օգտակար դառնալ կամ ոչ։
Սուրբ Գիրքին խրատները այսօր գործնակա՞ն են
Վերջին տեղեկութիւնները դիւրաւ ստանալով, պէտք կա՞յ Սուրբ Գիրքին դիմելու, որուն գրութիւնը 2000 տարի առաջ ամբողջացաւ։
Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումները
Սուրբ Գիրքը ժամանակավրէպ չէ։ Անոր ուսուցումները հիմնուած են գործնական արժանիքներու եւ սկզբունքներու վրայ։
Չգիտցուած տուեալներ յայտնած է
Թէեւ Սուրբ Գիրքը գիտական գիրք մը չէ, բայց անոր մէջ նշուած են խօսքեր, որոնց ճիշդ ըլլալը միայն յետագային փաստուած է։
1 Խնդիրներէ հեռու մնալ
Տե՛ս թէ ինչպէս Սուրբ Գիրքը մարդոց օգնած է որ խուսափին լուրջ խնդիրներէ։
2 Խնդիրները լուծել
Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատները կ’օգնեն լուրջ խնդիրներ լուծելու, ինչպէս՝ չափազանց մտահոգութիւն, յետաձգում եւ միայնակութիւն։
3 Խնդիրներուն դիմանալ
Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ դիմանաս, երբ սիրելի մը կորսնցնես կամ երկարատեւ հիւանդութենէ տառապիս։
Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ապագայիդ
Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեզի օգնել ամէնօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու, բայց նաեւ կը յայտնէ թէ հոյակապ ապագայ մը մեզի կը սպասէ։
Ի՞նչ կը կարծես
Նկատի առ թէ այս հարցումին շուրջ կարգ մը մարդիկ ինչի կը հաւատան եւ Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ։