ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Վիշտին դիմանալ. ի՞նչ կրնաս ընել
Եթէ փնտռես խրատներ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս վիշտիդ հետ գլուխ ելլել, հաւանաբար բազմաթիւ գաղափարներ գտնես,– ոմանք արդիւնք կու տան, իսկ ուրիշներ ո՛չ։ Ինչո՞ւ այսքան շատ։ Քանի որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը սգայ, ինչպէս որ նախապէս նշեցինք։ Ինչ որ մէկու մը կ’օգնէ, թերեւս ուրիշի մը չօգնէ։
Հակառակ ասոր, կան հիմնական բաներ որոնք շատերու օգնած են։ Հոգեբանները ատոնց մասին շատ անգամ կը խօսին, եւ ատոնք համաձայն են որոշ վստահելի սկզբունքներու հետ, որոնք կը գտնուին Սուրբ Գիրքին մէջ։
1. ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒԴ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԷ
-
Կարգ մը մասնագէտներու կարծիքով, ասիկա ամէնէն կարեւոր բանն է որ անհատին կ’օգնէ իր վիշտին հետ գլուխ ելլելու։ Բայց ատեններ թերեւս ուզես մինակ մնալ։ Թերեւս նոյնիսկ նեղանաս անոնցմէ, որոնք կը փորձեն քեզի օգնել։ Ասիկա բնական է։
-
Մի՛ զգար որ պէտք է միշտ մարդոց մէջ ըլլաս, բայց բոլորովին մարդոցմէ հեռու ալ մի՛ ըլլար, քանի որ ապագային կրնաս անոնց օգնութեան պէտք ունենալ։ Ամէն մէկ պարագային, ազնուութեամբ ուրիշներուն գիտցուր, թէ ինչի՛ պէտք ունիս եւ ինչի՛ պէտք չունիս։
-
Նայած թէ ինչի՛ պէտք ունիս, հաւասարակշռութիւն պահէ՝ մարդոց հետ ժամանակ անցընելուն եւ մինակ մնալուն միջեւ։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երկուքը մէկէն աղէկ է. . . քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն» (Ժողովող 4։9, 10)։
2. ՈՒՏԵԼԻՔԻԴ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՏԿԱՑՈՒՐ ՄԱՐԶԱՆՔԻ
-
Լաւ սննդառութիւնը պիտի օգնէ որ սթրեսը պակսեցնես։ Ջանա՛ ուտել զանազան պտուղներ, բանջարեղէններ եւ իւղոտ չեղող ուտելիքներ։
-
Շատ ջուր եւ ուրիշ օգտակար հեղուկներ խմէ։
-
Եթէ ախորժակ չունիս, օրուան ընթացքին քանի մը անգամ պզտիկ քանակներով կեր։ Նաեւ կրնաս բժիշկիդ հարցնել, թէ սննդանիւթեր պարունակող դեղերու պէտք ունի՛ս կամ ոչ *։
-
Արագ–արագ քալելը եւ ուրիշ մարզանքներ կրնան պակսեցնել ժխտական զգացումները։ Մարզանքը ոմանց համար կրնայ առիթ ըլլալ, որ իրենց կեանքին փոփոխութիւններուն մասին մտածեն, իսկ ոմանց ալ առիթ կու տայ, որ իրենց սիրելիին մահուան մասին մտածելէն դադար առնեն։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ո՛չ մէկը երբեք ատած է իր մարմինը, հապա կը կերակրէ զայն ու կը փայփայէ» (Եփեսացիս 5։29, ԱԾ)։
3. ԲԱՒԱՐԱՐ ՔՆԱՑԻՐ
-
Քունը միշտ կարեւոր է, բայց մանաւանդ՝ սգաւորներուն համար, քանի որ սուգի մէջ ըլլալը յաւելեալ յոգնութիւն կը բերէ։
-
Ուշադիր եղիր թէ որքա՛ն քաֆէին եւ ալքոլ կը սպառես, քանի որ երկուքն ալ կրնան քունդ խանգարել։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (Ժողովող 4։6)։
4. ՃԿՈՒՆ ԵՂԻՐ
-
Միտքդ պահէ որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը սգայ։ Պէտք է որոշես թէ ո՛ր կերպը ամէնէն շատ կ’օգնէ քեզի։
-
Շատեր կը տեսնեն որ իրենց ցաւին մասին ուրիշներուն հետ խօսիլը կ’օգնէ իրենց, մինչ ոմանք կը նախընտրեն չխօսիլ։ Մասնագէտները տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին, թէ արդեօք զգացումներ արտայայտելը անհրաժե՞շտ է վիշտին հետ գլուխ ելլելու համար։ Եթէ պէտք ունիս սիրտդ բանալու մէկու մը, բայց կը քաշուիս, կրնաս սկսիլ զգացումներէդ ոմանց մասին խօսելով մտերիմ բարեկամի մը։
-
Կարգ մը մարդիկ կ’անդրադառնան որ լալը իրենց կ’օգնէ վիշտին հետ գլուխ ելլելու։ Անդին, այնպէս կ’երեւի թէ ոմանք կը դիմանան հակառակ որ քիչ կու լան։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ» (Առակաց 14։10)։
5. ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ
-
Կարգ մը սգաւորներ կը փորձեն իրենց զգացական ցաւը թեթեւցնել՝ չափազանց ալքոլ խմելով, դեղերը չարաչար գործածելով կամ թմրեցուցիչներու դիմելով։ Ասոնք ինքնակործան սովորութիւններ են։ Նոյնիսկ եթէ անհատը զգայ որ իր ցաւը թեթեւցաւ, ատիկա ժամանակաւոր է, եւ ան շատ գէշ հետեւանքներ պիտի կրէ։ Փորձէ անվնաս կերպերով քու անձդ հանդարտեցնել։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մեր անձերը. . . ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։
6. ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԶԱՆԱԶԱՆ ԲԱՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒՐ
-
Շատեր օգտուած են, երբ որոշ ժամանակ տրամադրած են գործունէութիւններու, որոնք կ’օգնեն որ աւելի քիչ մտածեն իրենց ցաւին մասին։
-
Բարեկամութիւններ զօրացնելը, նոր բարեկամութիւններ հաստատելը, նոր ձիրքեր սորվիլը կամ ժամանցի պահեր ունենալը կ’օգնէ որ վիշտդ ժամանակաւորապէս թեթեւնայ։
-
Ժամանակի ընթացքին թերեւս նկատես, որ այդ գործունէութիւններուն աւելի յաճախ եւ աւելի երկար ժամանակ կը տրամադրես, եւ աւելի քիչ կը կեդրոնանաս վիշտիդ վրայ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ վէրքդ բուժուելու վրայ է։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ» (Ժողովող 3։1, 4)։
7. ՌՈՒԹԻՆ ՈՒՆԵՑԻՐ
-
Առօրեայ ռութինիդ վերադարձիր կարելի եղածին չափ շուտ։
-
Երբ քնանալու, աշխատելու եւ ուրիշ գործունէութիւններ ընելու ռութին մը ունենաս, շատ հաւանաբար այն զգացումը պիտի ունենաս, որ բնական կեանքիդ կը վերադառնաս։
-
Դրական գործունէութիւններով զբաղած մնալը կ’օգնէ որ ժխտական զգացումներդ թեթեւնան։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Այն մարդը հազիւ պիտի նկատէ թէ իր կեանքին օրերը ինչպէ՛ս կ’անցնին, քանի որ ճշմարիտ Աստուածը զինք զբաղած կը պահէ իր սրտին ուրախութեամբ» (Ժողովող 5։20, ՆԱ)։
8. ՇՈՒՏՈՎ ՄԵԾ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՄԻ՛ ԱՌՆԵՐ
-
Շատեր, որոնք սիրելի մը կորսնցնելէն շատ չանցած մեծ որոշումներ կ’առնեն, յետագային կը զղջան իրենց որոշումներուն համար։
-
Որոշ ժամանակ մը սպասէ, առաջ որ փոխադրուիս, գործդ փոխես կամ մահացողին ապրանքները տունէն հանես։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առակաց 21։5)։
9. ՅԻՇԷ ՍԻՐԵԼԻԴ
-
Շատ մը սգաւորներ կը զգան որ կ’օգտուին, երբ կ’ընեն բաներ, որոնք կ’օգնեն որ մահացած անհատը յիշեն։
-
Կրնաս մխիթարուիլ եւ լաւ զգալ, երբ մահացածին հետ կապ ունեցող նկարներ կամ յիշատակներ հաւաքես, կամ գրի առնես որոշ դէպքեր որ կ’ուզես յիշել։
-
Քովդ պահէ իրեր, որոնք միտքդ լաւ յիշատակներ կը բերեն, եւ երբ պատրաստ ըլլաս՝ զանոնք աչքէ անցուր։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Հին օրերը միտքդ բեր» (Բ. Օրինաց 32։7)։
10. ՏԵՂ ՄԸ ԳՆԱ
-
Կրնաս արձակուրդ առնել։
-
Եթէ երկար արձակուրդ չես կրնար առնել, թերեւս կրնաս մէկ–երկու օր հաճելի բան մը ընել, ինչպէս՝ բնութեան մէջ քալել, ծով երթալ կամ բարեկամներու հետ պտըտիլ։
-
Նոյնիսկ առօրեայ ռութինէն դուրս պզտիկ բան մը ընելը կրնայ քեզի օգնել որ ցաւիդ հետ գլուխ ելլես։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մարկոս 6։31)։
11. ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ
-
Միտքդ պահէ որ այն ժամանակը, որ կը տրամադրես ուրիշներուն օգնելու, կրնայ քեզի օգնել որ աւելի լաւ զգաս։
-
Կրնաս նախ օգնել անոնց, որոնք քու սիրելիիդ մահէն ազդուած են, ինչպէս՝ բարեկամներ կամ ազգականներ, որոնք պէտք ունին մէկու մը, որ իրենց զգացումները կը հասկնայ։
-
Ուրիշներուն օգնելն ու մխիթարելը կրնայ քեզ ուրախացնել եւ զգացնել որ օգտակար ես ուրիշներուն։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
12. ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ՔՆՆԷ
-
Սիրելիի մը մահը կրնայ օգնել աւելի լաւ հասկնալու, թէ իրապէս ի՛նչը կարեւոր է կեանքին մէջ։
-
Առիթը օգտագործէ մտածելու թէ կեանքդ ինչպէ՛ս կը գործածես։
-
Եթէ պէտք տեսնես, փոփոխութիւններ մտցուր նախապատուութիւններուդ մէջ։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Սուգի տուն երթալը կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ» (Ժողովող 7։2)։
Խօսքին բացը, բան մը չկայ որ կրնայ լման ջնջել այն ցաւը որ կը զգաս։ Սակայն շատեր փորձառաբար կ’ըսեն, որ գործնական քայլեր առնելը,– ինչպէս այս յօդուածին մէջ նշուած քայլերը,– իրենց օգնած է որ մխիթարուին։ Անշուշտ, հոս նշուածները չեն ծածկեր բոլոր այն կերպերը, որոնք կրնան վիշտդ մեղմացնել։ Բայց եթէ այս առաջարկներէն ոմանք փորձես, թերեւս տեսնես որ բաւական պիտի հանգստանաս։
^ պարբ. 13 Զարթի՛ր–ը որոշ դարմանում մը չի յանձնարարեր։