ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ
Առողջութիւն եւ ճկունութիւն
ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԷԿՈՒ ՄԸ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎՐԱՅ։ Ուլֆ անունով մարդ մը, որ ժամանակին աշխոյժ ու առողջ էր, բայց ետքը անդամալոյծ դարձաւ, կ’ըսէ. «Շատ ընկճուեցայ։ Վրաս ոյժ չմնաց, քաջութիւնս գնաց. . . Զգացի թէ վերջս եկեր է»։
Ուլֆին փորձառութիւնը կը ցուցնէ որ մեր առողջութիւնը հարիւր առ հարիւր մեր ձեռքը չէ։ Բայց կրնանք գործնական բաներ ընելով առողջ մնալ։ Իսկ եթէ մեր առողջութիւնը ետեւ երթայ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ այլեւս երջանիկ պիտի չըլլանք։ Անշուշտ ո՛չ։ Առաջ որ այս կէտը նկատի առնենք, տեսնենք թէ ի՛նչ սկզբունքներ կ’օգնեն որ լաւ առողջութիւն ունենանք։
«ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՉԱՓԱՒՈՐ» ԵՂԻՐ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 11, ՆԱ)։ Եթէ սովորութիւն ունինք չափազանց ուտելու ու խմելու, ասիկա կը վնասէ մեր առողջութեան եւ նիւթականին։ «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն, ո՛չ ալ որկրամոլութեամբ միս ուտողներուն. վասնզի արբեցողն ու որկրամոլը կը թշուառանան» (Առակաց 23։20, 21, ԱԾ)։
ՄԱՐՄԻՆԴ ՄԻ՛ ԱՊԱԿԱՆԵՐ։ «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Մարդիկ իրենց մարմինը կը պղծեն, երբ ծխախոտ կամ կլկլակ կը ծխեն, կամ ալ չափազանց ալքոլ կը խմեն կամ թմրեցուցիչ կը գործածեն։ Աղբիւր մը կ’ըսէ որ ծխելը «կը պատճառէ հիւանդութիւն ու անկարողութիւն եւ վնաս կը հասցնէ մարմնին գրեթէ ամէն մէկ անդամին» (U.S. Centers for Disease Control and Prevention)։
ՄԱՐՄԻՆԴ ԵՒ ԿԵԱՆՔԴ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՆՈՒԷՐ ՆԿԱՏԷ։ «[Աստուծմով] կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։28)։ Երբ այս կէտը ըմբռնենք, մեր կեանքը անտեղիօրէն պիտի չվտանգենք, ըլլա՛յ գործին մէջ, քշելու ատեն կամ ժամանցի ատեն։ Չ’արժեր որ մէկը ժամանակաւոր զուարճութեան համար անկարող դառնայ մինչեւ կեանքին վերջը։
ԺԽՏԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ԶՍՊԷ։ Միտքդ շատ ազդեցութիւն ունի մարմինիդ վրայ։ Ասոր համար, փորձէ հեռու մնալ անտեղի մտահոգութիւններէ, նախանձէ, չափէ դուրս բարկանալէ եւ ուրիշ վնասակար զգացումներէ։ Սաղմոս 37։8–ը կ’ըսէ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր»։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ» (Մատթէոս 6։34)։
ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ։ Առակաց 14։30–ը կ’ըսէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է»։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առակաց 17։22)։ Այս կէտը գիտականօրէն ճիշդ է։ Սկովտիայի մէջ բժիշկ մը ըսաւ. «Եթէ երջանիկ ես, հաւանաբար ապագային աւելի քիչ հիւանդանաս քան՝ անոնք որոնք երջանիկ չեն»։
ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ։ Թերեւս սկիզբը նշուած Ուլֆին պէս՝ միակ բանը որ մեր ձեռքէն կու գայ, մեր մնայուն դժուարութեան դիմանալն է։ Բայց կրնանք կերպեր գտնել որ դիմանանք։ Ոմանք այնքա՛ն կը յուսահատին որ իրենց վիճակը աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Առակաց 24։10–ը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։
Իսկ ուրիշներ թերեւս սկիզբը կը յուսահատին, բայց ետքը՝ կերպեր կը գտնեն որ գլուխ ելլեն։ Անոնք իրենց անձը կը վարժեցնեն իրենց վիճակին։ Ասիկա էր Ուլֆին պարագան։ Ան ըսաւ, որ աղօթքները եւ Սուրբ Գիրքին դրական պատգամին վրայ խոկալը իրեն օգնեցին, որ այլեւս չձգէ որ իր ունեցած նեղութիւնները իրեն արգելք ըլլան բան մը ընելու, հապա ընդհակառակը՝ առիթներ ըլլան բան մը ընելու։ Ասկէ զատ, ան սորվեցաւ ուրիշին հետ զգալ եւ զայն հասկնալ, եւ ասիկա զինք մղեց որ Սուրբ Գիրքին մխիթարիչ պատգամը տայ ուրիշներուն։
Սթիվ անունով մարդ մըն ալ շատ չարչարուեցաւ։ Ան 15 տարեկանին ծառէ մը ինկաւ եւ վիզէն վար անդամալոյծ եղաւ։ 18 տարեկանին, ան դարձեալ կրնար իր թեւերը գործածել։ Ան համալսարան գնաց, ուր շատ չանցած սկսաւ թմրեցուցիչ գործածել, չափազանց ալքոլ խմել եւ սեռային անբարոյութիւն գործել։ Ան յոյս չունէր, մինչեւ որ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել, ինչ որ իրեն օգնեց որ տարբեր աչքով նայի կեանքին եւ իր սխալ սովորութիւնները ձգէ։ Ան ըսաւ. «Այլեւս չեմ զգար որ մէջս պարապութիւն մը կայ։ Հիմա շատ խաղաղ, երջանիկ եւ գոհ եմ»։
Ուլֆին եւ Սթիվին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն Սաղմոս 19։7, 8–ին ըսածը. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. . . Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան»։