Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր դրախտին ի շահ գործէ

Հոգեւոր դրախտին ի շահ գործէ

«Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ» (ԵՍԱ. 60։13

ԵՐԳԵՐ. 102, 75

1, 2. Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ «պատուանդան» բառը ինչի՞ կրնայ ակնարկել։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ըսաւ. «Երկինք իմ աթոռս է ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է» (Եսա. 66։1)։ Այս պատուանդանին առնչութեամբ ան նաեւ ըսաւ. «Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ» (Եսա. 60։13)։ Ան ինչպէ՞ս այս մէկը կ’ընէ։ Եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար, մենք որ Աստուծոյ «պատուանդան»ին վրայ կ’ապրինք։

2 «Պատուանդան» բառը երկրին ակնարկելէ զատ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ այլաբանօրէն գործածուած է նկարագրելու համար Երուսաղէմի տաճարը (Ա. Մն. 28։2. Սաղ. 132։7)։ Երկրի վրայ ըլլալով, տաճարը ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնն էր։ Այս պատճառով, անիկա Եհովայի աչքին շա՜տ գեղեցիկ էր եւ իր ոտքերուն տեղը կը փառաւորէր։

3. Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարը ի՞նչ է, եւ ե՞րբ մէջտեղ եկաւ։

3 Ներկայիս, ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնը այլեւս բառացի տաճար մը չէ։ Սակայն կայ հոգեւոր տաճար մը, որ որեւէ կառոյցէ աւելի Եհովան կը փառաւորէ։ Անիկա կարգադրութիւն մըն է, որ Յիսուս Քրիստոսի քահանայութեան եւ զոհին միջոցաւ կարելի կը դարձնէ Աստուծոյ հետ հաշտուիլը։ Անիկա Յիսուսի մկրտութեան ատեն մէջտեղ եկաւ՝ Ք.Ե. 29–ին, երբ Յիսուս օծուեցաւ որպէս Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին Քահանայապետը (Եբ. 9։11, 12

4, 5. ա) Սաղմոս 99–ի համաձայն, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ կ’ուզեն ընել։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

4 Առ ի գնահատութիւն հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան, կը փառաբանենք Եհովան՝ իր անունը ճանչցնելով եւ փրկանքի պարգեւին մասին ուրիշներուն պատմելով։ Որքա՜ն ուրախ ենք գիտնալով, թէ ներկայիս աւելի քան ութ միլիոն ճշմարիտ քրիստոնեաներ աշխուժութեամբ Եհովան կը փառաւորեն։ Մինչ շատ մը կրօնասէր անհատներ կը կարծեն որ Աստուած պիտի փառաւորեն անգամ մը որ երկինք ելլեն, բոլոր Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ հիմա եւ հոս երկրի վրայ պէտք է զինք փառաբանեն։

5 Մենք Սաղմոս 99։1-3, 5-7–ի մէջ նկարագրուած Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն օրինակին կը հետեւինք (կարդա՛)։ Ինչպէս որ այս սաղմոսը ցոյց կու տայ, Մովսէս, Ահարոն եւ Սամուէլ լիովին թիկունք կանգնեցան իրենց օրուան ճշմարիտ պաշտամունքի կարգադրութեան։ Ներկայիս, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդը առաջ որ իրեն հետ երկնքի մէջ քահանայութիւն ընեն, հաւատարմօրէն կը ծառայեն հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ» հաւատարմօրէն իրենց կ’աջակցին (Յովհ. 10։16)։ Տարբեր յոյսեր ունենալով հանդերձ, երկու խումբերը ձեռք–ձեռքի Եհովան կը պաշտեն հո՛ս, որ իր պատուանդանն է։ Սակայն, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի անհատապէս հարցնենք. «Լիովին թիկունք կը կանգնի՞մ մաքուր պաշտամունքի կարգադրութեան»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐԸ ԲՆՈՐՈՇԵԼ

6, 7. Նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչ հարց զարգացաւ, իսկ դարեր ետք՝ ի՞նչ բան անհրաժեշտ դարձաւ։

6 Քրիստոնէական ժողովքը հիմնուելուն վրայ մէկ դար չանցած, նախագուշակուած հաւատուրացութիւնը սկսաւ զարգանալ (Գործք 20։28-30. Բ. Թես. 2։3, 4)։ Անկէ ետք, շատ դժուար եղաւ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշել։ Դարեր անցան մինչեւ որ ժամանակը եկաւ, որ Եհովան Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ բնորոշէր, թէ որո՛նք իսկապէս Իր հոգեւոր տաճարին մէջ կը ծառայէին։

7 1919–ին արդէն իսկ յստակօրէն բնորոշուած էին անոնք, որոնց Եհովան կը հաճէր եւ իր հոգեւոր տաճարին մէջ կը ծառայէին։ Անոնք հոգեւորապէս զտուած էին, որպէսզի իրենց ծառայութիւնը ա՛լ աւելի ընդունելի դառնար Եհովային (Եսա. 4։2, 3. Մաղ. 3։1-4)։ Ինչ որ Պօղոս առաքեալ դարեր առաջ տեսիլքի մը մէջ տեսած էր, սկսաւ սահմանափակ կերպով կատարուիլ։

8, 9. Պօղոս ի՞նչ «դրախտ» տեսաւ։

8 Բ. Կորնթացիս 12։1-4–ի մէջ նկարագրուած է Պօղոսի տեսիլքը (կարդա՛)։ Տեսիլքին մէջ Պօղոսի տեսածը՝ ապագային ըլլալիք բան մըն էր, եւ ոչ թէ իր օրերուն եղող բան մը։ Ան ի՞նչ «դրախտ» տեսաւ։ Այդ դրախտը պիտի ունենար բառացի, հոգեւոր եւ երկնային կատարում մը, եւ ապագային այս բոլորը միաժամանակ առկայ պիտի ըլլան։ Անիկա կ’ակնարկէ գալիք երկրային Դրախտին (Ղուկ. 23։43)։ Անիկա նաեւ կ’ակնարկէ հոգեւոր դրախտին, որ նոր աշխարհին մէջ լիովին պիտի գոյանայ։ Եւ վերջապէս, անիկա կ’ակնարկէ «Աստուծոյ դրախտ»ին, որ է՝ օրհնեալ պայմանները Եհովայի ներկայութեան երկնային ծիրին մէջ (Յայտ. 2։7

9 Սակայն Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ որ «լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ»։ Քանի որ ժամանակը չէր որ մանրամասնօրէն բացատրէր այն հոյակապ բաները, որոնք տեսիլքին մէջ տեսած էր։ Բայց ներկայիս արժա՛ն է խօսիլ այն օրհնութիւններուն մասին, զորս այժմ Աստուծոյ ժողովուրդը կը վայելէ։

10. «Հոգեւոր դրախտ» եւ «հոգեւոր տաճար» արտայայտութիւնները ինչո՞ւ նոյն բանին չեն ակնարկեր։

10 Յաճախ կը խօսինք «հոգեւոր դրախտ»ին մասին։ Անիկա այն յատուկ եւ հոգեւորապէս ճոխ միջավայրն է, որ մեզի թոյլ կու տայ խաղաղութիւն վայելելու Աստուծոյ եւ մեր եղբայրներուն հետ։ «Հոգեւոր դրախտը» եւ «հոգեւոր տաճարը» նոյնը չեն։ Հոգեւոր տաճարը՝ ճշմարիտ պաշտամունքի Աստուծոյ կարգադրութիւնն է, իսկ հոգեւոր դրախտը յստակօրէն կը բնորոշէ զանոնք, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունին եւ ներկայիս իր հոգեւոր տաճարին մէջ իրեն կը ծառայեն (Մաղ. 3։18

11. Հոգեւոր դրախտին առնչութեամբ այսօր ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

11 Որքա՜ն հետաքրքրական է գիտնալ, թէ 1919–էն սկսեալ Եհովան անկատար մարդոց թոյլ տուած է, որ իրեն հետ մշակեն, զօրացնեն եւ ընդարձակեն հոգեւոր դրախտը երկրին վրայ։ Այս հոյակապ գործին մէջ դուն ալ դեր մը կը խաղա՞ս։ Եհովայի հետ ‘իր ոտքերուն տեղը’ փառաւորելու առանձնաշնորհումը կը գնահատե՞ս։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ԳԵՂԵՑԿԱՆԱՅ

12. Եսայի 60։17–ի կիրարկման առնչութեամբ բոլորս ի՞նչ համոզում ունինք (տե՛ս բացման պատկերը)։

12 Եսայի 60։17–ի մէջ նախագուշակուած էր, որ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ շատ մը հոյակապ փոփոխութիւններ պիտի ըլլային (կարդա՛)։ Անոնք որոնք տարիքով պզտիկ են կամ ճշմարտութեան մէջ համեմատաբար նոր են, այս փոփոխութիւններուն մասին կարդացած են, կամ ալ՝ անոնց մասին ուրիշներէն լսած են։ Սակայն կան եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք անձա՛մբ ականատես եղած են այս փոփոխութիւններուն։ Զարմանալի չէ որ անոնք համոզուած են, թէ Եհովան Յիսուսի միջոցաւ Իր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ եւ կ’ուղղէ։ Անոնք գիտեն,– ինչպէս մենք ալ գիտենք,– թէ այս համոզումը զօրաւոր հիմ ունի։ Անոնց փորձառութիւնները մտիկ ընելով՝ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը պիտի ամրանայ։

13. Սաղմոս 48։12-14–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Չնայած որ քանի տարի է որ ճշմարտութեան մէջ ենք, ուրիշներուն պէտք է Եհովայի կազմակերպութեան մասին խօսինք։ Չար, փտած եւ անսէր աշխարհի մը մէջ հոգեւոր դրախտ ըլլալը արդի հրաշք է։ «Գալու ազգ»ին պէտք է ուրախութեամբ պատմենք Աստուծոյ կազմակերպութեան՝ կամ «Սիօն»ին՝ սքանչելիքներուն մասին եւ հոգեւոր դրախտին մասին (կարդա՛ Սաղմոս 48։12-14

14, 15. 1970–ական թուականներուն ի՞նչ ճշդումներ եղան, եւ անոնք ինչպէ՞ս օգտակար եղած են։

14 Տարիներու ընթացքին, մեր մէջ եղող տարեցները անձա՛մբ տեսած են կարգ մը կազմակերպչական փոփոխութիւններ, որոնք աւելի գեղեցկացուցած են Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը։ Անոնք կը յիշեն այն ժամանակը, երբ ժողովքները երէցներու մարմինի փոխարէն ունէին ժողովքի ծառայ, երբ երկիրները Մասնաճիւղի յանձնախումբի փոխարէն ունէին մասնաճիւղի ծառայ, եւ երբ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինին փոխարէն՝ Դիտարան ընկերութեան նախագահը ուղղութիւն կու տար։ Թէեւ բոլոր այս նուիրուած եղբայրներուն հաւատարիմ օգնականներ կ’աջակցէին, սակայն ժողովքներուն, մասնաճիւղերուն եւ գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, միայն մէկ անձ հիմնականօրէն պատասխանատու էր որոշումներ առնելու։ 1970–ական թուականներուն ճշդումներ եղան, որպէսզի տեսչութեան պատասխանատուութիւնը դրուի խումբ մը երէցներու վրայ, եւ ոչ թէ անհատի մը վրայ։

15 Այս ճշդումները իրապէ՛ս օգտակար եղած են, եւ ասիկա տրամաբանական է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Աստուածաշունչի աւելի լաւ հասկացողութեան վրայ հիմնուած էին։ Փոխանակ միայն մէկ անձ բոլոր որոշումները առնելու, կազմակերպութիւնը կ’օգտուի Եհովայի կողմէ որպէս «պարգեւներ» տրուած բոլոր տղամարդոց լաւ յատկութիւններէն (Եփ. 4։8. Առ. 24։6

Եհովան ամէնուրեք մարդոց կը հայթայթէ այն առաջնորդութիւնը, որուն շատ պէտք ունին (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

16, 17. Վերջերս եղած ո՞ր փոփոխութիւնները յատկապէս քեզ տպաւորած են, եւ ինչո՞ւ։

16 Մտածէ նաեւ մեր հրատարակութիւններուն տեսքին, բովանդակութեան եւ զանոնք բաշխելու մեթոտներուն առնչութեամբ վերջերս եղած փոփոխութիւններուն մասին։ Ի՜նչ հաճոյք է ներկայացնել դաշտի ծառայութեան մէջ գրաւիչ ու այժմու խնդիրներ քննարկող հրատարակութիւններ։ Եւ մտածէ թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը տարածելու համար ամենավերջին արհեստագիտութիւնը կը գործածենք, ինչպէս՝ jw.org կայքին միջոցով։ Բոլոր այս փոփոխութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եհովան խորապէս հետաքրքրուած է մարդոցմով, եւ կ’ուզէ որ ամէնուրեք ստանան այն առաջնորդութիւնը, որուն շատ կը կարօտին։

17 Յիշենք նաեւ այն փոփոխութիւնը, որ մեզի թոյլ տուաւ ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ ունենալու կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար աւելի ժամանակ ունենալու։ Նաեւ կը գնահատենք համաժողովներու յայտագիրներուն մէջ եղած բարելաւումները։ Յաճախ կ’ըսենք թէ անոնք տարիէ տարի աւելի լաւ կը դառնան։ Ինչպէս նաեւ շատ կ’ուրախանանք այն յաւելեալ մարզումով, որ մեր բազմաթիւ աստուածպետական դպրոցները կը հայթայթեն։ Բոլոր այս փոփոխութիւններուն մէջ յստակօրէն կը տեսնուի Եհովային ձեռքը։ Ան աստիճանաբար աւելի գեղեցիկ կը դարձնէ իր կազմակերպութիւնը եւ հիմա իսկ մեր վայելած հոգեւոր դրախտը։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԵՆՔ Կ’ՕԳՆԵՆՔ ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՐԱԽՏԸ ԱՒԵԼԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

18, 19. Մեր հոգեւոր դրախտը ինչպէ՞ս կը գեղեցկացնենք։

18 Եհովան մեզի շնորհած է մեր հոգեւոր դրախտը գեղեցկացնելու պատիւը։ Ասիկա կ’ընենք՝ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ քարոզելով եւ ա՛լ աւելի աշակերտելով։ Ամէն անգամ որ անհատի մը օգնենք իր կեանքը Եհովային նուիրելու, հոգեւոր դրախտին սահմանները ընդարձակելու մէջ բաժին բերած կ’ըլլանք (Եսա. 26։15. 54։2

19 Նաեւ մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը շարունակ բարելաւելով՝ մեր հոգեւոր դրախտը կը գեղեցկացնենք։ Այսպիսով, այս դրախտը աւելի հրապուրիչ կը դարձնենք ուրիշներուն։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչի գիտութենէն աւելի, յաճախ մեր մաքուր եւ խաղաղ վարքն է որ մարդիկը կը քաշէ կազմակերպութեան, եւ հետեւաբար՝ Աստուծոյ ու Քրիստոսին։

Կրնաս հոգեւոր դրախտը ընդարձակելուն մէջ բաժին բերել (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

20. Առակաց 14։35–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր փափաքը։

20 Ներկայիս Եհովան եւ Յիսուս որքա՜ն գոհունակ զգալու են, տեսնելով մեր գեղեցիկ հոգեւոր դրախտը։ Զայն գեղեցկացնելուն ուրախութիւնը զգալով՝ համտեսած կ’ըլլանք այն ուրախութիւնը, որ ապագային պիտի ունենանք՝ երկիրը բառացի դրախտի վերածելով։ Միշտ ի մտի ունենանք Առակաց 14։35–ի խօսքը. «Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի»։ Թող որ յարատեւաբար խոհեմութեամբ գործենք, մինչ կը ջանանք հոգեւոր դրախտը գեղեցկացնել։