Յիսուս ինչո՛ւ մեռաւ
Յիսուս ինչո՛ւ մեռաւ
«Որդին մարդոյ [եկաւ]. . . իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու» (ՄԱՐԿՈՍ 10։45)։
ՅԻՍՈՒՍ գիտէր թէ ի՛նչ ակնկալէր։ Ան հասկցաւ որ իր կեանքը խաղաղութեամբ պիտի չանցընէր։ Ընդհակառակը, ան գիտակից էր որ իր կեանքը ողբերգականօրէն կարճ պիտի պահուէր, մինչ տակաւին երեսունական տարիքի մէջ էր, ու լիովին պատրաստուած էր իր մահը դիմագրաւելու։
Աստուածաշունչը Յիսուսի մահուան մեծ կարեւորութիւն կու տայ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն կամ Նոր Կտակարանին մէջ, Յիսուսի մահը ուղղակիօրէն շուրջ 175 անգամ նշուած է։ Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ պէտք էր տառապէր եւ ապա մեռնէր։ Հարկ է որ գիտնանք, քանի որ Յիսուսի մահը կրնայ մեր կեանքին խորապէս ազդել։
▪ Յիսուսի ակնկալածը։ Իր կեանքի վերջին տարին, Յիսուս իր դիմագրաւելիք տառապանքին ու մահուան նկատմամբ բազմիցս զգուշացուց իր աշակերտները։ Մինչ Երուսաղէմ կ’երթար իր վերջին Պասեքը տօնելու համար, ան իր 12 առաքեալներուն ըսաւ. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն» (Մարկոս 10։33, 34)։ * Ան ինչո՞ւ այսքան վստահ էր, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր իրեն։
Յիսուս քաջատեղեակ էր Եբրայերէն Գրութիւններու մէջ արձանագրուած բազմաթիւ մարգարէութիւններուն, որոնք նախագուշակեցին թէ իր կեանքը ինչպէ՛ս վերջ պիտի գտնէր (Ղուկաս 18։31-33)։ Նկատի առ կարգ մը մարգարէութիւններ եւ անոնց կատարումը բացատրող աստուածաշնչական համարներ։
Մեսիային ի՛նչ պիտի պատահէր
▪ Ան պիտի մատնուէր 30 կտոր արծաթի համար (ԶԱՔԱՐԻԱ 11։12. ՄԱՏԹԷՈՍ 26։14-16)։
▪ Զինք պիտի ծեծէին ու երեսը թքնէին (ԵՍԱՅԻ 50։6. ՄԱՏԹԷՈՍ 26։67. 27։26, 30)։
▪ Ան պիտի ցցահարուէր (ՍԱՂՄՈՍ 22։16. ՄԱՐԿՈՍ 15։24, 25)։
▪ Ան ցիցին վրայ պիտի նախատուէր (ՍԱՂՄՈՍ 22։7, 8. ՄԱՏԹԷՈՍ 27։39-43)։
▪ Ան մահապատիժի պիտի ենթարկուէր, առանց ոսկոր մը կոտրուելու (ՍԱՂՄՈՍ 34։20. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։33, 36)։
Յիսուս այս եւ շատ մը ուրիշ մարգարէութիւններ կատարեց։ Անկարելի է որ ան կարենար ասիկա ինքնուրոյն ընել։ Յիսուսի վրայ այս բոլոր մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը փաստէ, թէ ան իրապէս Աստուծմէ ղրկուած էր։ *
Սակայն ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ Յիսուս տառապէր ու մեռնէր։
▪ Յիսուս մեռաւ որպէսզի շատ կարեւոր հարցեր լուծէ։ Յիսուս Եդեմի պարտէզին մէջ ծագած տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող հարցերուն տեղեակ էր։ Ըմբոստ հրեշտակէ մը ազդուելով՝ Ադամն ու Եւան ընտրեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ։ Զոյգին ըմբոստութիւնը հարցականի տակ դրաւ Աստուծոյ գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը կամ իշխելու կերպը։ Անոնց մեղքը նաեւ յարուցանեց այն հարցը, թէ փորձութեան ներքեւ ոեւէ մարդ արարած Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի ըլլա՛յ թէ ոչ (Ծննդոց 3։1-6. Յոբ 2։1-5)։
Փիլիպպեցիս 2։8, ԱԾ)։ Յիսուս նաեւ փաստեց, թէ ամէնէն սաստիկ փորձութիւններու ներքեւ՝ կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնալ։
Յիսուս ամէնէն վճռական պատասխանը տուաւ երկու հարցերուն,– Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ մարդուն ուղղամտութիւնը։ «Մինչեւ. . . խաչին մահը» իր կատարեալ հնազանդութեամբ, Յիսուս Աստուծոյ գերիշխանութիւնը վեր բռնեց (▪ Յիսուս մեռաւ որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց, թէ խոստացեալ Մեսիային տառապանքն ու մահը մարդոց մեղքերուն քաւութիւն պիտի տար (Եսայի 53։5, 10)։ Յիսուս ասիկա յստակօրէն հասկցաւ եւ յօժարութեամբ ‘իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ’ (Մատթէոս 20։28)։ Իր զոհաբերական մահը անկատար մարդոց առջեւ դուռը բացաւ, որ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենան եւ մեղքէն ու մահէն ազատին։ Յիսուսի մահը մեզի պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ ձեռք ձգենք ինչ որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին,– երկրի վրայ կատարեալ պայմաններու տակ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ *
▪ Ի՛նչ կրնաս ընել։ Այս յօդուածաշարքին մէջ քննարկեցինք, թէ Աստուածաշունչը Յիսուսի մասին ի՛նչ կ’ըսէ,– ան ուրկէ՛ եկաւ, ինչպէ՛ս ապրեցաւ եւ ինչո՛ւ մեռաւ։ Յիսուսի մասին այս ճշմարտութիւնները գիտնալը, սխալ հասկացողութիւնները ճշդելէ աւելին կրնայ ընել։ Ատոնց հետ ներդաշնակ գործելը կրնայ օրհնութիւններ բերել,– ներկայիս՝ աւելի լաւ կեանք, իսկ ապագային՝ յաւիտենական կեանք։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք այդպիսի օգուտներ քաղել։
▪ Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ Եհովայի նպատակին մէջ անոր ունեցած դերին մասին աւելի սորվէ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։3)։
▪ Յիսուսին հաւատք ընծայէ, ապրելակերպովդ ցոյց տալով, որ զինք կ’ընդունիս որպէս քու Փրկիչդ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3։36. ԳՈՐԾՔ 5։31)։
Եհովայի վկաները ուրախութեամբ քեզի պիտի օգնեն որ աւելի սորվիս Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ «միածին Որդի»ին մասին, որուն միջոցով կրնանք «յաւիտենական կեանք»ի պարգեւը ստանալ (Յովհաննէս 3։16)։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 5 Յիսուս յաճախ իր անձին ակնարկեց որպէս «Որդին մարդոյ» (Մատթէոս 8։20)։ Այս արտայայտութիւնը ոչ միայն ցոյց կու տայ թէ ան բոլորովին մարդ էր, հապա նաեւ՝ թէ ան աստուածաշնչական մարգարէութեան մէջ նշուած «Որդի մարդոն» էր (Դանիէլ 7։13, 14)։
^ պարբ. 13 Յիսուսի վրայ կատարուող մարգարէութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին յաւելուածը, «Յիսուս Քրիստոս. խոստացեալ Մեսիան» նիւթը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 17 Յիսուսի մահուան զոհաբերական արժէքին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 5–րդ գլուխը՝ «Փրկանքը. Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը»։