ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
«Կոպիտ վերաբերմունք ունէի»
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1960
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՖԻՆԼԱՆՏԱ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՀԷՎԻ ՄէԹԸԼԻ ԵՐԱԺԻՇՏ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Մեծցած եմ Թուրքու քաղաքին մէկ աննշան թաղին մէջ։ Հայրս կռփամարտի ախոյեան էր, եւ կրտսեր եղբայրս ու ես նաեւ կռփամարտի կը մասնակցէինք։ Դպրոցական տարիներուս ընթացքին, յաճախ կը կռուէի։ Եւ մինչ պատանի էի, յայտնի աւազակախումբի մը միացայ, ինչ որ զիս աւելի վայրագ կռիւներու մէջ մխրճեց։ Նաեւ, սկսայ հէվի մէթըլ երաժշտութիւնը սիրել եւ փափաքեցայ ռոքի աստղ դառնալ։
Կարգ մը թմբուկներ գնեցի, երաժշտախումբ մը կազմեցի եւ շուտով ատոր գլխաւոր երգիչը դարձայ։ Բեմին վրայ կը սիրէի անզուսպ վերաբերմունք ունենալ։ Քանի որ մեր երաժշտախումբը յարձակողական էր եւ խելագար ու վայրենի տեսք ունէր, ժողովրդական դարձանք։ Սկսանք մեծ բազմութիւններու առջեւ ելոյթ ունենալ։ Երգեր ալ արձանագրեցինք, որոնցմէ վերջինը մեծ գովասանքի արժանացաւ։ 1980–ական թուականներուն վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներ ճամբորդեցինք, մեր խումբը հոն յառաջ մղելու համար։ Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճէլոսի մէջ քանի մը ելոյթներ ունեցանք, եւ Ֆինլանտա վերադառնալէ առաջ՝ երաժշտագէտներու հետ կապեր հաստատեցինք։
Թէեւ ուրախ էի որ խումբին մէկ անդամն էի, բայց կը փափաքէի որ կեանքս իմաստալից ըլլար։ Երաժշտական աշխարհի բրտութիւնը զիս հիասթափեցուց եւ իմ թեթեւսոլիկ կենցաղակերպէս զզուեցայ։ Զգացի թէ գէշ մէկն եմ, եւ վախցայ որ դժոխքի կրակի մէջ այրիմ։ Փորձեցի կարգ մը հարցումներու պատասխանները գտնել ամէն տեսակ հոգեւոր գրքերու մէջ, ինչպէս նաեւ ջերմեռանդօրէն աղօթեցի օգնութեան համար, հակառակ անոր որ կը զգայի թէ բնա՛ւ կարող չեմ Աստուած հաճեցնել։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Ծախսերս ապահովելու համար, սկսայ տեղական նամակատան մէջ աշխատիլ։ Օր մը, իմացայ թէ գործակիցներէս մէկը Եհովայի վկայ է։ Անոր ետեւ–ետեւի հարցումներ ուղղեցի։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած անոր տրամաբանական պատասխանները հետաքրքրութիւնս շարժեցին։ Ուստի, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու անոր առաջարկը ընդունեցի։ Քանի մը շաբաթ ուսումնասիրելէ ետք, մեր երաժշտախումբին առաջարկուեցաւ հրապուրիչ պայմանագիր մը, Միացեալ
Նահանգներուն մէջ ալպոմ լոյս ընծայելու հաւանականութեամբ։ Զգացի թէ ասիկա անզուգական պատեհութիւն մըն էր։Ինծի հետ սերտող Վկային ըսի, որ ի՛րապէս կ’ուզեմ մէկ ալպոմի վրայ ե՛ւս աշխատիլ, եւ ապա լրջութեամբ պիտի կիրարկեմ Աստուածաշունչի սկզբունքները կեանքիս մէջ։ Ան իր կարծիքը չյայտնեց, այլ՝ պարզապէս ըսաւ որ Մատթէոս 6։24–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը կարդամ։ Համարը կ’ըսէ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել»։ Երբ ասոր իմաստը հասկցայ՝ ապշեցայ։ Բայց քանի մը օր ետք, Աստուածաշունչի ուսուցիչիս կարգն էր ապշելու։ Անոր ըսի, թէ քանի որ կ’ուզեմ Յիսուսի հետեւորդը ըլլալ, երաժշտախումբը ձգեցի։
Աստուածաշունչը հայելիի մը նման թերութիւններս ինծի յայտնեց (Յակոբոս 1։22-25)։ Նկատեցի թէ կոպիտ վերաբերմունք ունէի. հպարտ էի եւ անմար փառասիրութիւն ունէի, աղտոտ լեզու կը գործածէի, կը կռուէի, կը ծխէի եւ չափազանցօրէն կը խմէի։ Երբ գիտակցեցայ թէ կենցաղակերպս որքա՜ն կը հակասէր Աստուածաշունչի սկզբունքներուն, իմ անձիս դէմ շատ բարկացայ։ Բայց եւ այնպէս պատրաստ էի հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու (Եփեսացիս 4։22-24)։
«Մեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է եւ կ’ուզէ՛ զղջացողներուն վէրքերը բուժել»
Մանաւանդ սկիզբը ջախջախուած էի ու խղճի խայթ ունէի անցեալի սխալներուս պատճառաւ։ Բայց ինծի հետ սերտող Վկան ինծի մեծապէս օգնեց։ Ան ուշադրութեանս յանձնեց Աստուածաշունչին խօսքը Եսայի 1։18–ի մէջ. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան»։ Ասիկա եւ ա՛յլ համարներ զիս համոզեցին, թէ մեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է եւ կ’ուզէ՛ զղջացողներուն վէրքերը բուժել։
Երբ սկսայ Եհովան ճանչնալ եւ զինք սիրել, ուզեցի կեանքս իրեն նուիրել (Սաղմոս 40։8)։ 1992–ին, Ռուսիոյ Սենթ Փիթէրզպըրկ քաղաքին մէջ կայացած միջազգային համաժողովին ընթացքին մկրտուեցայ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Եհովայի երկրպագուներուն մէջ բազմաթիւ լաւ բարեկամներ ունեցայ։ Ատեններ, քով–քովի գալով պատշաճ երաժշտութիւն կը նուագենք եւ Աստուծոյ այդ պարգեւը կը վայելենք (Յակոբոս 1։17)։ Մասնայատուկ օրհնութիւն մըն էր ամուսնանալ սիրելի կնոջս հետ՝ Քրիստինան։ Անոր հետ բաժնած եմ շատ մը բաներ,– կեանքի ուրախութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ խոր զգացումներս։
Եթէ Եհովայի վկայ չդառնայի, այսօր թերեւս ողջ չըլլայի։ Անցեալին, կեանքս շարունակ խնդիրներով լեցուն էր։ Բայց այժմ կեանքի մէջ իսկական նպատակ մը ունիմ, եւ կը զգամ թէ ամէն ինչ իր տեղն է։