Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

Երկրորդ ամուսնութիւն մը ինչպէ՛ս յաջողցնել

Երկրորդ ամուսնութիւն մը ինչպէ՛ս յաջողցնել

ՀԵՐՄԸՆ *. «Առաջին ամուսնութեանս վրայ 34 տարի անցնելէ ետք, կինս քաղցկեղի պատճառաւ մահացաւ։ Երբ վերամուսնացայ, երկրորդ կինս՝ Լինտան, կը զգար թէ զինք միշտ կը բաղդատէի առաջին կնոջս հետ։ Ասկէ աւելի, բարեկամներս յաճախ առաջին կնոջս լաւ յատկութիւններուն մասին կը խօսէին, ինչ որ Լինտան կը նեղացնէր»։

ԼԻՆՏԱ. «Հերմընին հետ ամուսնանալէ ետք, զգացի թէ ան ե՛ւ ուրիշներ բնաւ զիս պիտի չարժեւորէին իր առաջին կնոջ չափ։ Ան շատ սիրուած էր, իր մասին քաղցր խօսքեր եւ գովասանքներ կը լսէի։ Ատեններ հարց կու տամ, թէ արդեօք երբեք պիտի կարենա՞մ անոր պէս Հերմընին սրտին մօտ ըլլալ»։

Լինտան իր առաջին ամուսինէն ամուսնալուծուած է։ Հերմընն ու Լինտան ուրախ են որ զիրար գտած են։ Բայց ինչպէս իրենք կ’ընդունին, երկրորդ ամուսնութիւնը իրեն հետ կը բերէ մարտահրաւէրներ, որոնք առաջին ամուսնութեան մէջ բնաւ գոյութիւն չունէին *։

Եթէ վերամուսնացած ես, երկրորդ ամուսնութեանդ նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։ Թամարա անունով կին մը, որ իր ամուսնալուծումէն երեք տարի ետք վերամուսնացաւ, կ’ըսէ. «Երբ առաջին անգամ ամուսնանաս, մասնայատուկ զգացում մը կ’ունենաս, թէ ամուսնութիւնդ առյաւէտ պիտի տեւէ։ Բայց երկրորդ ամուսնութեան ընթացքին, այդ զգացումը չես ունենար, քանի որ գիտես թէ առաջին ամուսնութիւնդ վերջ գտաւ»։

Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ զոյգեր վերամուսնանալէ ետք խոր եւ մնայուն ուրախութիւն վայելած են։ Անոնք իրենց ամուսնութիւնը կրցան յաջողցնել։ Ուրեմն, դո՛ւն ալ կրնաս յաջողիլ այս մարզին մէջ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ երեք սովորական մարտահրաւէր եւ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան քեզի օգնել անոնց հետ գլուխ ելլելու *։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 1. ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻՍ ՈՐ ՆԱԽԿԻՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉՆՍԵՄԱՑՆԷ։

«Չեմ կրնար նախկին ամուսնութեանս յիշատակները պարզապէս մոռնալ, մա՛նաւանդ երբ ճամբորդենք այն նոյն շրջանները, ուր առաջին ամուսինիս հետ արձակուրդը կ’անցընէինք», կ’ըսէ Էլեն՝ որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ կ’ապրի։ «Ատեններ կը նշմարեմ թէ ամուսինս նախկին ամուսինիս հետ կը բաղդատեմ»։ Միւս կողմէ, եթէ կողակիցդ նախապէս ամուսնացած էր, թերեւս զայրանաս երբ ան այդ ամուսնութեան մասին յաճախ խօսի։

Ստեղծեցէք նոր յիշատակներ, որոնք կրնան ձեզ որպէս զոյգ միացնել

ԱՌԱՋԱՐԿ։ Ընդունէ այն իրողութիւնը, թէ անիրապաշտ է ակնկալել, թէ դուն կամ կողակիցդ պարզապէս ձեր առաջին ամուսնութիւնը պիտի մոռնաք, մանաւանդ եթէ տարինե՜ր տեւած է։ Իրականութեան մէջ, ոմանք կը խոստովանին թէ իրենց կողակիցը կանչած են՝ սխալմամբ իրենց նախկին կողակիցին անունը տալով։ Ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի պարագայ մը կամ համանման պարագայ մը ձեռք առնել։ Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Եղէք համախոհ» (Ա. Պետրոս 3։8, ԱԾ

Նախանձելով մի՛ արգիլեր առաջին ամուսնութեան մասին խօսիլը։ Եթէ կողակիցդ հարկ կը զգայ խօսելու իր առաջին կողակիցին հետ իր անցուցած ժամանակներուն մասին, կարեկցաբար իրեն մտիկ ըրէ։ Նաեւ, շուտով մի՛ եզրակացներ թէ անոր հետ կը բաղդատուիս։ «Կինս՝ Քաթլինը բնաւ չսեպեց թէ մահացած կնոջս մասին խօսիլը արգիլուած բան էր», կ’ըսէ Իան որ տասը տարի առաջ վերամուսնացաւ։ «Փոխարէն, այդ խօսակցութեան միջոցաւ ան կը փորձէ աւելի մօտէն զիս ճանչնալ»։ Թերեւս նոյնիսկ նկատես, թէ այսպիսի խօսակցութիւններ քեզի պիտի օգնեն որ նոր կողակիցիդ հետ մօտիկ բարեկամութիւն զարգացնես։

Կեդրոնացիր նոր կողակիցիդ իւրայատուկ եւ դրական յատկութիւններուն վրայ։ Ճիշդ է որ ան նախկին կողակիցիդ որոշ յատկութիւնները կամ կարողութիւնները չունի, բայց հաւանաբար ուրիշ մարզերու մէջ գերազանց է։ Ուստի, կողակիցիդ հետ քու փոխյարաբերութիւնդ ամրացուր, զինք ‘ուրիշներու հետ չբաղդատելով’, անոր յատկութիւններուն վրայ խոկալով եւ զանոնք գնահատելով (Գաղատացիս 6։4, Անթիլիաս)։ Էտմոնտ անունով տղամարդ մը, որ երկու անգամ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Ճիշդ ինչպէս որ երկու բարեկամութիւններ տարբեր են, նոյնպէս երկու ամուսնութիւններ տարբեր են»։

Ինչպէ՞ս կրնաս հաւասարակշռել առաջին ամուսնութեան գեղեցիկ յիշատակները այժմու կեանքիդ հետ, որ սկսած ես նոր կողակիցիդ հետ։ «Օր մը կնոջս բացատրեցի, թէ առաջին ամուսնութիւնս կը նմանէր գեղեցիկ գրքի մը, որուն հեղինակները ես ու առաջին կինս էինք», կ’ըսէ Ճարէտ։ «Ատեն–ատեն այդ գիրքը կը բանամ ու կը կարդամ եւ մեր լաւ փորձառութիւններուն վրայ կը խոկամ։ Բայց այդ գրքին մէջ չեմ ապրիր։ Փոխարէն, ես ու կինս այժմ կը գրենք մեր անձնական գիրքը, ուր ես ուրախութեամբ կ’ապրիմ»։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Կողակիցիդ հարցուր թէ արդեօք անհաճելի կացութեան կը մատնուի՛, երբ առաջին ամուսնութեան նիւթը բացուի։ Նկատի առ թէ ե՛րբ յարմար չէ այդ նիւթը բանալ։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 2. ՆՈՐ ԿՈՂԱԿԻՑԴ ՉՃԱՆՉՑՈՂ ՀԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԱՐՈՒԻԼ։

«Ամուսնանալէ քիչ ետք, կինս զգաց թէ բարեկամներէս ոմանք զինք կը վերլուծէին», կ’ըսէ Խավիէր, որ ամուսնալուծուելէն վեց տարի ետք վերամուսնացաւ։ Լէօ անունով ամուսին մը, տարբեր պարագայ դիմագրաւեց։ Ան կը պատմէ. «Կարգ մը մարդիկ աչքիս առջեւ կնոջս ըսին, թէ որքա՜ն կը սիրէին եւ կարօտցած էին իր նախկին ամուսինը»։

ԱՌԱՋԱՐԿ։ Դուն քեզ բարեկամներուդ տեղը դիր։ «Կը խորհիմ որ հին բարեկամներու համար ատեններ ցաւալի եւ անհաճելի է ընկերակցիլ անհատի մը հետ, որ միայն կէսն է այն զոյգին, որ անցեալին գիտէին», կ’ըսէ վերոնշեալ Իան։ Ուստի, եղիր ‘հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնելով’ (Տիտոս 3։2)։ Բարեկամներուդ եւ ընտանիքիդ ժամանակ տուր որ յարմարին։ Ինչպէս որ ամուսնութիւնդ փոխուեցաւ, նմանապէս բարեկամութիւններդ ալ կրնան փոխուիլ։ Վերոնշեալ Խավիէր կ’ըսէ, թէ ժամանակի ընթացքին ինքն ու իր կինը իրենց հին բարեկամութիւնները նորոգեցին։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց որպէս զոյգ կը ջանանք նոր բարեկամութիւններ հաստատել, եւ ասիկա ալ մեզի կ’օգնէ»։

Երբ հին բարեկամներու հետ ժամանակ անցընես, նկատի առ կողակիցիդ զգացումները։ Օրինակ, երբ առաջին ամուսնութեանդ մասին խօսուի, փափկանկատութիւն եւ լաւ դատողութիւն գործածէ, որպէսզի կողակիցդ դուրս ձգուած չզգայ։ Առակագիրը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առակաց 12։18

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Ակնկալէ ընկերային առիթներ, որոնք կրնան անհաճելի թուիլ քեզի կամ կողակիցիդ։ Սկիզբէն, միասնաբար քննարկեցէք թէ ինչպէ՛ս կրնաք լաւագոյնս ձեռք առնել ձեր բարեկամներուն հարցումներն ու մեկնաբանութիւնները առաջին ամուսնութեան մասին։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 3. ԿԸ ՋԱՆԱՍ ՆՈՐ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՎՍՏԱՀԻԼ, ՔԱՆԻ ՈՐ ԱՌԱՋԻՆԸ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԷՐ։

«Դարձեալ դաւաճանուիլը վախ մըն էր, որ յաճախ կը զգայի», կ’ըսէ Էնտրու, որուն առաջին կինը զինք լքեց։ Յետագային, ան ամուսնացաւ Ռիլիի հետ։ Էնտրու կ’ըսէ. «Յաճախ կը մտածէի որ երբեք պիտի կարենա՞մ Ռիլիին առաջին ամուսինին չափ լաւ կողակից մը ըլլալ։ Նոյնիսկ կը մտահոգուէի որ Ռիլին օր մը այն եզրակացութեան գար թէ այնքան ալ լաւ մէկը չեմ եւ զիս ձգելով ուրիշ կողակից փնտռէր»։

ԱՌԱՋԱՐԿ։ Մտահոգութիւններդ բացէ ի բաց յայտնէ կողակիցիդ։ «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 15։22)։ Եւ ճիշդ ասիկա՛ է որ Էնտրուին եւ Ռիլիին օգնեց, որ իրարու վստահին։ Էնտրուն կ’ըսէ. «Ռիլիին ըսի, որ բնա՛ւ ամուսնալուծման պիտի չդիմեմ, զայն նկատելով խնդիրներ լուծելու դիւրին կերպ մը. իսկ Ռիլին նոյն բանը խոստացաւ։ Կամաց–կամաց իրեն հանդէպ զօրաւոր վստահութիւն կերտեցի»։

Եթէ կողակիցդ իր նախկին ամուսնութեան մէջ դաւաճանուած էր, խոհական քայլեր առ իր վստահութիւնը շահելու համար։ Օրինակ, Միշէլ եւ Սապին, որոնց առաջին ամուսնութիւնները ամուսնալուծումով վերջ գտան, համաձայնեցան իրարու ըսել, եթէ երբեք նախկին կողակիցին հետ որեւէ հաղորդակցութիւն ունենան։ «Այս յանձնառութիւնը մեզ ապահով զգացուց», կ’ըսէ Սապին (Եփեսացիս 4։25

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Հակառակ սեռին հետ անձամբ, հեռաձայնով կամ առցանց հաղորդակցելու նկատմամբ սահմաններ դիր։

Բազմաթիւ երկրորդ ամուսնութիւններ յաջողած են։ Քուկդ ալ կրնայ յաջողիլ։ Վերջ ի վերջոյ, հիմա որ երկրորդ անգամ ամուսնացած ես, դուն քեզ աւելի լաւ կը ճանչնաս։ Վերոնշեալ Էնտրուն կ’ըսէ. «Անսահման ուրախութիւն գտած եմ Ռիլիին հետ։ 13 տարուան մեր ամուսնութենէն ետք, մենք կը վայելենք սերտ փոխյարաբերութիւն մը, որ բնա՛ւ չենք ուզեր կորսնցնել»։

^ պարբ. 3 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 5 Անշուշտ, կողակիցի մը մահը եւ ամուսնալուծումը շատ տարբեր կերպերով ամուսնութեան վերջ կը դնեն։ Այս յօդուածը ծրագրուած է երկու պարագաներուն ալ անհատին օգնելու, որ երկրորդ ամուսնութիւնը յաջողցնէ։

^ պարբ. 7 Խորթ զաւակներ մեծցնելու մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ, տե՛ս Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2012 թիւին «Խորթ ընտանիքներու յաջողութեան գաղտնիքը» յօդուածաշարքը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

  • Կողակիցիս ո՞ր կարգ մը յատկութիւնները մասնաւորաբար կ’արժեւորեմ։

  • Երբ առաջին ամուսնութեանս նիւթը բացուի, զայն ինչպէ՞ս կրնամ ձեռք առնել այնպիսի կերպով մը որ հաւաստիացնէ եւ պատուէ նոր կողակիցս։