ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
«Սկսայ լրջօրէն մտածել թէ կեանքս ի՛նչ ուղղութիւն առած է»
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1941
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԿԸ ԾԽԷՐ ՈՒ ԽՄԻՉՔԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷՐ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Մեծցած եմ Ուորիէլտէ գիւղաքաղաքին մէջ, Նոր Հարաւային Ուելս։ Ուորիէլտէն հողագործական համայնք մըն է, ուր գիւղացիները հոգ կը տանին ոչխարներու եւ արջառներու, ինչպէս նաեւ ցորեն ու ա՛յլ բերքեր կը հնձեն։ Ան մաքուր ու ապահով գիւղաքաղաք մըն է։
Տասը զաւակներու մէջ երիցագոյնը ըլլալով, 13 տարեկանիս սկսայ աշխատիլ, որպէսզի ընտանիքիս օգնական ըլլամ։ Քանի որ սահմանափակ աշխարհիկ ուսում ստացած էի, սկսայ ագարակներու մէջ աշխատիլ։ 15 տարեկանիս հովիւ էի եւ վայրի ձիեր կ’ընտելացնէի։
Ագարակներուն մէջ աշխատիլը թէ՛ պատեհութիւններ եւ թէ անպատեհութիւններ ունէր։ Մէկ կողմէ, գործս եւ միջավայրը իրապէս կը սիրէի։ Գիշերը խարոյկին մօտ կը նստէի եւ լուսինն ու աստղազարդ երկինքը կը դիտէի, մինչ զեփիւռը իրեն հետ շրջակայ մացառուտին բոյրը կը բերէր։ Կը յիշեմ թէ այդ պահերուն կը մտածէի, թէ այս բոլոր գեղեցիկ բաները Մէկը ստեղծած ըլլալու է։ Միւս կողմէ, ագարակներուն մէջ աշխատիլը ինծի վնասակար կերպով ազդեց։ Յաճախ հայհոյանքներ կը լսէի եւ ծխախոտը դիւրաւ մատչելի էր ինծի։ Շատ չանցած, ծխելն ու հայհոյելը կեանքիս մէկ մասը դարձան։
18 տարեկանիս Սիտնի փոխադրուեցայ։ Փորձեցի զինուորիլ, բայց սահմանափակ ուսում ունենալուս պատճառաւ մերժուեցայ։ Ուստի, գործ մը գտայ եւ մէկ տարի Սիտնի մնացի։ Այդ ատեն էր որ առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներուն հետ շփման մէջ եկայ։ Իրենց ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուեցայ եւ անմիջապէս զատորոշեցի թէ իրենց ուսուցումները ճիշդ են։
Անկէ քիչ ետք սակայն, որոշեցի իմ հին գործիս վերադառնալ։ Եւ գացի Կունտըուինտի (Քուինզլէնտ), ուր գործ մը գտայ, ամուսնացայ եւ ցաւօք սրտի սկսայ չափազանց խմել։
Երկու մանչ ունեցայ։ Անոնց ծնելէն ետք, սկսայ լրջօրէն մտածել թէ կեանքս ի՛նչ ուղղութիւն առած է։ Յիշեցի այն ինչ որ Սիտնիի մէջ՝ Վկաներուն ժողովին ընթացքին լսած էի, եւ որոշեցի քայլ մը առնել։
Դիտարան–ի հին թիւ մը գտայ, որ կը բովանդակէր Եհովայի վկաներու Աւստրալիոյ մասնաճիւղի հասցէն։ Եւ նամակ մը ուղարկեցի օգնութիւն հայցելու համար։ Առ ի պատասխան, ազնիւ եւ սիրալիր Վկայ մը ինծի այցելեց։ Շուտով, անոր հետ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Աստուածաշունչը ուսումնասիրած ատեն, նկատեցի թէ կեանքիս մէջ մեծ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնեմ։ Մասնաւորաբար Բ. Կորնթացիս 7։1–ը ինծի ազդեց։ Այդ համարը կը քաջալերէ որ մենք մեզ մարմնի «ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք»։
Որոշեցի ծխելն ու չափազանց խմելը դադրեցնել։ Դիւրին չէր այդ փոփոխութիւնները ընել, քանի որ այդ սովորութիւնները շատոնց կեանքիս մէկ մասը դարձած էին։ Բայց վճռեցի աստուածահաճոյ կեանք վարել։ Մեծապէս օգտուեցայ կիրարկելով Հռովմայեցիս 12։2–ի սկզբունքը, որ կ’ըսէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք»։ Գիտակցեցայ թէ սովորութիւններս փոխելու համար, պէտք է մտածելակերպս փոխէի եւ զանոնք Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտելով վնասակար սեպէի։ Իր օգնութեամբ կրցայ ծխելն ու չափազանց խմելը դադրեցնել։
«Գիտակցեցայ թէ սովորութիւններս փոխելու համար, պէտք է մտածելակերպս փոխէի»
Բայց մեծագոյն մարտահրաւէրը հայհոյելը դադրեցնելն էր։ Գիտէի Եփեսացիս 4։29–ի մէջ արձանագրուած խրատը, որ կ’ըսէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ»։ Ասով հանդերձ, լեզուս սանձելու մէջ անմիջապէս չյաջողեցայ։ Օգտակար գտայ խոկալ Եսայի 40։26–ին վրայ, որ աստղազարդ երկնքին մասին կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։ Պատճառաբանեցի որ եթէ Աստուած զօրութիւն ունի ստեղծելու անհուն տիեզերքը,– որ շա՜տ կը սիրէի դիտել,– վստահաբար ան կրնա՛յ ինծի զօրութիւն տալ, որ կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ մտցնեմ՝ զինք հաճեցնելու համար։ Շարունակ աղօթելով եւ ջանք թափելով, կամաց–կամաց խօսելակերպս հակակշռի տակ առի։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Որպէս հովիւ, շատ պատեհութիւն չէի ունեցած մարդոց հետ խօսակցելու, քանի որ ագարակներուն մէջ շուրջս միայն քանի մը անհատներ կ’ըլլային։ Բայց Եհովայի վկաներու ժողովներուն հայթայթած մարզումը ինծի օգնեց արտայայտուելու։ Ուրիշ բաներու կողքին, այդ մարզումը զիս կարող դարձուց, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն հաղորդեմ (Մատթէոս 6։9, 10. 24։14)։
Քանի մը տարիէ ի վեր, ժողովքին մէջ որպէս երէց կը ծառայեմ։ Առանձնաշնորհում կը սեպեմ իմ ամէն կարելիս ընել՝ հաւատակիցներուս օգնելու։
Երախտապարտ եմ Եհովայի որ թոյլ տուաւ ինծի՝ սահմանափակ ուսում ունեցող մէկու մը, որ իր կողմէ ուսուցանուիմ (Եսայի 54։13)։ Առակաց 10։22–ին համամիտ եմ, որ կ’ըսէ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»։