Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովայի առատ ողորմութիւնով օրհնուած եմ

Եհովայի առատ ողորմութիւնով օրհնուած եմ

Միայն 17 տարեկան էի, եւ բոլոր պատանիներուն նման ունէի մտահոգութիւններս եւ ձգտումներս։ Կը սիրէի բարեկամներուս հետ ժամանակ անցընել, լողալ եւ ֆութպոլ խաղալ։ Բայց մէկ գիշերուան մէջ կեանքս ամբողջովին փոխուեցաւ։ Շարժանիւով արկած մը ունեցայ, որուն պատճառով վիզէս վար անդամալուծուեցայ։ Ասիկա պատահեցաւ շուրջ 30 տարի առաջ, եւ անկէ ի վեր անկողին ինկած եմ։

Մեծցայ Սպանիոյ արեւելեան ծովափը գտնուող Ալիքանթէ քաղաքին մէջ։ Բոլորովին անհամաձայն ընտանիք մը ունէի, ուստի պատանեկութիւնս փողոցները անցուցի։ Տանս մօտ անիւ նորոգելու խանութ մը կար։ Բարեկամացայ աշխատաւորներէն մէկուն՝ Խոսէ Մարիային հետ։ Ան ջերմ անհատ մըն էր, որ ինծի տուաւ այնպիսի ուշադրութիւն որ ընտանիքս չէր կրցած տալ։ Նեղութեան ժամանակ ան ինծի իսկական եղբայր էր՝ իսկական բարեկամ՝ թէեւ ինձմէ 20 տարի մեծ էր։

Խոսէ Մարիան սկսած էր Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Կրնայի ըսել թէ ան Աստուածաշունչը կը սիրէր եւ յաճախ իր սորված ճշմարտութիւնները ինծի կը պատմէր։ Իրեն յարգալից կերպով մտիկ կ’ընէի, բայց իր ըսածներուն շատ կարեւորութիւն չէի տար։ Պատանի մը ըլլալով՝ այլ բաներ զիս կը հետաքրքրէին։ Բայց այս մէկը պիտի փոխուէր։

ԱՐԿԱԾ ՄԸ ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ

Չեմ սիրեր այդ արկածին մասին շատ խօսիլ։ Միայն ըսեմ թէ անմիտ եւ անխոհեմ անձ մըն էի։ Միայն մէկ օրուան մէջ կեանքս ամբողջովին փոխուեցաւ։ Կեանքով լեցուն պատանի մըն էի, բայց յանկարծ ինքզինքս գտայ անդամալուծուած եւ հիւանդանոցի մը մէջ հսկողութեան տակ դրուած։ Այս նոր վիճակիս հետ հաշտուիլը շա՛տ դժուար էր։ Շարունակ հարց կու տայի. ‘Ապրիլս ա՛լ իմաստ ունի՞’։

Խոսէ Մարիան ինծի այցելեց, եւ շուտով կարգադրութիւն ըրաւ որ տեղական ժողովքի Եհովայի վկաները հիւանդանոց գան ինծի այցելելու։ Այդ կանոնաւոր այցելութիւնները սրտիս դպան։ Բժշկական խիստ հսկողութեան բաժանմունքը ձգելէ ետք, անմիջապէս սկսայ Աստուածաշունչը սերտել։ Գիտցայ թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տառապին ու կը մեռնին եւ թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ գէշ բաներ պատահին։ Նաեւ սորվեցայ ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն մասին,– երբ ամբողջ երկիրը պիտի լեցուի կատարեալ մարդոցմով եւ ո՛չ ոք պիտի ըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսայի 33։24)։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով հոյակապ յոյս մը ունեցայ։

Երբ հիւանդանոցը ձգեցի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեանս մէջ արագօրէն յառաջդիմեցի։ Անդամալոյծներու մասնայատուկ աթոռի մը օգնութեամբ, նոյնիսկ ներկայ գտնուեցայ Եհովայի վկաներուն ժողովներուն եւ իրենց հետ քարոզչութեան մասնակցեցայ։ 5 նոյեմբեր 1988–ին, 20 տարեկանիս մկրտուեցայ մասնայատուկ լոգարանի մը մէջ։ Եհովա Աստուած ինծի օգնեց որ կեանքի նկատմամբ դրական տեսակէտ ունենամ։ Բայց ի՞նչ կրնայի ընել երախտագիտութիւնս յայտնելու համար։

ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՍ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՑԻ

Վճռած էի թոյլ չտալ որ վիճակս պատճառ դառնար, որ Եհովային ծառայելուն մէջ լաւագոյնս չընէի։ Կ’ուզէի յառաջդիմել (Ա. Տիմոթէոս 4։15)։ Սկիզբը այս մէկը դժուար էր, քանի որ ընտանիքս նոր հաւատքիս դէմ կեցաւ։ Բայց հաւատակիցներս՝ հոգեւոր քոյրերս ու եղբայրներս՝ քովս էին։ Անոնք վստահ եղան որ ժողովները չփախցնեմ եւ ազդու կերպով քարոզչութեան մասնակցիմ։

Սակայն ժամանակի ընթացքին յստակ դարձաւ թէ գիշեր–ցերեկ մասնաւոր խնամքի կարիք ունէի։ Բաւական փնտռտուքներէ ետք, ի վերջոյ գտայ անկարողներու յատուկ յարմար կեդրոն մը Վալենսիա քաղաքին մէջ, որ Ալիքանթէէն 160 քմ. դէպի հիւսիս կը գտնուի։ Այս կեդրոնը մնայուն տունս դարձաւ։

Թէեւ անկողին ինկած եմ, բայց վճռած եմ հաւատքիս մասին խօսիլ

Անկողին իյնալով հանդերձ վճռեցի շարունակել Եհովային ծառայել։ Անկարողութեանս համար կառավարութենէն ստացած թոշակս եւ այլ օժանդակութիւններ գործածելով համակարգիչ մը գնեցի եւ զայն անկողնիս քով տեղադրել տուի։ Հեռախօսիկ մըն ալ գնեցի։ Այժմ ամէն առտու ինծի հոգ տանող անհատ մը համակարգիչս եւ հեռախօսիկս կ’աշխատցնէ։ Համակարգիչով աշխատելու համար, կը գործածեմ լծակ մը (joystick), որ ծնօտովս կը հակակշռեմ։ Նաեւ ունիմ մասնաւոր ցպիկ մը, որ բերանովս կը բռնեմ։ Այս ցպիկը թոյլ կու տայ որ համակարգիչին ստեղնաշարին վրայ տառեր տպեմ եւ հեռախօսիկովս հեռաձայնի թիւեր ուզեմ։

Ցպիկով մը կրնամ հեռախօսիկովս հեռաձայնի թիւեր ուզել

Այս արուեստագիտութիւնը ինծի ինչպէ՞ս օգնած է։ Նախ եւ առաջ, անոր միջոցաւ կրնամ jw.org կայքը եւ անոր առցանց գրադարանը բանալ։ Այս սարքերը ինծի համար շա՛տ օգտակար եղած են։ Յաճախ ամէն օր ժամերով կ’ուսումնասիրեմ եւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու ընդմէջէն փնտռտուքներ կ’ընեմ, որպէսզի կարենամ շարունակ Աստուծոյ եւ իր հոյակապ յատկութիւններուն մասին սորվիլ։ Եւ երբ մինակ կամ քիչ մը վհատած զգամ, կայքէն միշտ կը գտնեմ նիւթ մը, որ զիս կ’ոգեւորէ։

Համակարգիչս նաեւ ինծի թոյլ կու տայ որ ժողովքային հանդիպումները մտիկ ընեմ եւ անոնց մասնակցիմ։ Կրնամ մեկնաբանել, աղօթք մատուցանել, դասախօսութիւններ տալ եւ նոյնիսկ Դիտարան պարբերաթերթէն կարդալ, երբ ընթերցանութիւնը ինծի նշանակուի։ Թէեւ ժողովներուն չեմ կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ, բայց տակաւին կը զգամ թէ ժողովքիս մէկ անդամն եմ։

Հեռախօսիկ եւ համակարգիչ ունենալը ինծի նաեւ թոյլ կու տայ, որ քարոզչութեան լիովին մասնակցիմ։ Ճիշդ է որ չեմ կրնար տունէ տուն քարոզել, ինչպէս Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը կ’ընէ, բայց չեմ յանձնուած։ Այս սարքերը գործածելով կրնամ ուրիշներու հետ հաւատքիս մասին խօսիլ։ Իրականութեան մէջ հեռախօսիկովս ունեցած զրոյցներս ինծի համար այնքա՛ն հաճելի են, որ ժողովքիս երէցները ինձմէ նոյնիսկ խնդրած են, որ հեռախօսիկով քարոզելու արշաւներ կազմակերպեմ։ Այս արշաւները մասնաւորաբար օգտակար եղած են ժողովքի այն անդամներուն, որոնք տունէն դուրս ելլելու կարող չեն։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել

Բայց կեանքս միայն արուեստագիտութեան շուրջ չի դառնար։ Ամէն օր բարեկամներս ինծի կ’այցելեն։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն իրենց ազգականները եւ ծանօթները, որոնք Աստուածաշունչով հետաքրքրուած են։ Յաճախ ինձմէ կը խնդրուի որ անոնց հետ քննարկութիւնները ե՛ս վարեմ։ Ատեններ ալ, ընտանիքներ ինծի կ’այցելեն եւ կը փափաքին որ իրենց ընտանեկան պաշտամունքին մասնակցիմ։ Շատ հաճոյք կը զգամ, երբ երեխաներ անկողինիս մէկ կողմը նստին եւ ինծի ըսեն, թէ ինչո՛ւ Եհովան կը սիրեն։

Բարեկամներու հետ ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը վայելել

Այսքան շատ այցելուներ ունենալս կը գնահատեմ։ Սենեակս միշտ մարդոցմով լեցուն է. ամէն տեղէ բարեկամներ կու գան զիս տեսնելու։ Կրնաք երեւակայել թէ այս սիրալիր հոգատարութիւնը ինչպէ՛ս կը զարմացնէ կեդրոնին մէջ ինծի հոգ տանողները։ Ամէն օր Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ինծի թոյլ տուած է որ այսպիսի հոյակապ եղբայրութեան մը մէկ անդամը ըլլամ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՊԱՅՔԱՐԻԼ

Երբ մէկը որպիսութիւնս հարցնէ, պարզապէս կ’ըսեմ. «Տակաւին կը պայքարիմ»։ Անշուշտ գիտեմ թէ այս պայքարին մէջ առանձին չեմ։ Բոլոր քրիստոնեաները, ինչ որ ալ ըլլան անոնց պարագաները կամ դիմագրաւած խոչընդոտները, պատերազմի մէջ են,– «հաւատքին բարի պատերազմը» (Ա. Տիմոթէոս 6։12)։ Ի՞նչ բան ինծի օգնած է որ տարիներ շարունակ պայքարիմ։ Ամէն օր կ’աղօթեմ եւ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ կեանքիս իմաստ տուած է։ Եւ կը փորձեմ կարելի եղածին չափ զբաղած մնալ ծառայութեան մէջ, աչքս կեդրոնացած պահելով առջեւս դրուած յոյսին վրայ։

Խոսէ Մարիա

Յաճախ կը մտածեմ նոր աշխարհին մասին եւ թէ ի՛նչ պիտի զգամ երբ դարձեալ վազեմ ու ցատկռտեմ։ Երբեմն սիրելի բարեկամիս Խոսէ Մարիային,– որ մանկական անդամալուծութենէ (polio) կը տառապի,– կատակով կ’ըսեմ, թէ կ’ուզեմ որ Դրախտին մէջ միասին մարաթոնի մասնակցինք։ «Արդեօք ո՞վ պիտի յաղթէ», կը հարցնեմ իրեն։ «Խնդիր չէ թէ ո՛վ պիտի յաղթէ», կը պատասխանէ ան։ «Կարեւորը հոն ըլլանք, որպէսզի կարենանք մրցավազքին մասնակցիլ»։

Անկարողութեանս հետ հաշտուիլը ինծի համար դժուար եղած է։ Գիտեմ որ պատանի տարիքիս անմիտ բան մը ըրի, ինչ որ ինծի սուղի նայեցաւ։ Բայց որքա՜ն երախտապարտ եմ որ Եհովան զիս չէ լքած։ Ան ինծի շա՛տ բան տուած է,– հոգեւոր մեծ ընտանիք, ապրելու փափաք, ուրիշներուն օգնելէն յառաջ եկած ուրախութիւն եւ ապագայի նկատմամբ հոյակապ յոյս։ Եթէ զգացումներս մէկ խօսքով արտայայտէի, կարծեմ թէ կ’ըսէի որ Եհովայի առատ ողորմութիւնով օրհնուած եմ, որուն արժանի չեմ։