Աստուածաշունչին պատասխանները
Առանց աղքատութեան աշխարհ մը պիտի տեսնե՞նք։
Ծայրայեղ աղքատութիւնը սննդառութեան պակաս եւ հիւանդութիւններ կը պատճառէ եւ ամէն տարի միլիոնաւորներ կը մեռցնէ։ Թէեւ կան երկիրներ, որոնք հարուստ են, սակայն տակաւին բազմաթիւ մարդիկ չափազանց աղքատ են։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ մարդոց մէջ միշտ աղքատութիւն եղած է (կարդա՛ Յովհաննէս 12։8)։
Որպէսզի աղքատութեան վերջ դրուի, պէտք է համաշխարհային կառավարութիւն մը ըլլայ։ Եւ այսպիսի կառավարութիւն մը հարկ եղած կարողութեան պէտք պիտի ունենայ, որ երկրագունդին բնական հարստութիւնները արդարութեամբ բաժնէ եւ դադրեցնէ պատերազմները, որոնք աղքատութեան բուն պատճառներէն են։ Աստուած այսպիսի կառավարութիւն մը խոստացած է (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։
Ո՞վ կրնայ աղքատութիւնը վերցնել։
Աստուած իր Որդին՝ Յիսուսը նշանակած է, որ մարդկութեան վրայ իշխէ (Սաղմոս 2։4-8)։ Յիսուս աղքատները պիտի փրկէ եւ անարդարութեան ու բռնութեան վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12-14)։
«Խաղաղութեան Իշխան» ըլլալով, Յիսուս ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։ Այդ ժամանակ, ամէն մարդ իր անձնական տունը պիտի ունենայ, գոհացուցիչ գործ պիտի վայելէ եւ լեցուն ուտելիք պիտի ունենայ (կարդա՛ Եսայի 9։6, 7. 65։21-23)։